ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐ

Պոլսահայ երկու արուեստագէտներ երէկ յաջող համերգով մը հանդէս եկան Երեւանի մէջ՝ արժանանալով գնահատանքի եւ հայրենի երաժշտասէրներու ծափահարութիւններուն։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկի ծախսերը դիմագրաւուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքի կողմէ։

Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Կալիպօղլու ունկնդիրներուն ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը, որու վրայ տեղ գտան հայ կամ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ։ Գրիգոր Նարեկացիէն եւ Կոմիտասէն սկսեալ մինչեւ Էտկար Մանաս եւ Ալան Յովհաննէս, երկու արուեստագէտները յաջող ձեւով մեկնաբանեցին երգացանկի գործերը։ Այս համերգը ընդհանուր առմամբ լաւ տպաւորութիւն մը գործեց ունկնդիրներուն վրայ, որոնք ձեռնարկի աւարտին երկու երաժիշտները արժանացուցին ծափողջոյններու։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան համերգասրահին մէջ։

Հարկ է նշել, որ Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Կալիպօղլու նախապէս ալ համերգներով հանդէս եկած են Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018