ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՃԱԶԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Yerevan Jazz Fest-ի այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը նուի­րուած է ա­նուա­նի ա­մե­րի­կա­հայ ե­րա­ժիշտ, «Կրեմ­մի» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր Ճորճ Ա­ւա­գեա­նին, որ կը հա­մա­րուի ա­մե­րի­կեան ճազ ար­հես­տի հիմ­նա­դի­րը:

Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման օ­րը՝ Հոկ­տեմ­բե­րի 13-ին, ՄՀՀ­-ի մէջ ե­լոյթ կ՚ու­նե­նայ աշ­խար­հահռ­չակ երգ­չու­հի Տի Տի Պրի­ջուո­թըր: Ա­նոր հետ միա­սին բեմ կը բարձ­րա­նայ տա­ղան­դա­ւոր շե­փո­րա­հար, եր­գա­հան եւ գոր­ծի­քա­ւո­րող Տէօ Քրո­քըր: Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ազ­դա­րա­րէ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ճազ նուա­գա­խում­բը՝ Ար­մէն Հիւս­նուն­ցի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

Հոկ­տեմ­բեր 14-ին՝ ժա­մը 16.00-ին, «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի սրա­հին մէջ կը կա­յա­նայ «Miles Ahead» ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը: Ֆիլ­մը կը պատ­մէ աշ­խար­հահռ­չակ ճազ ե­րա­ժիշտ, շե­փո­րա­հար Մայլս Տէ­վի­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի մա­սին: Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան Կաս­կա­տի Գա­ֆէս­ճեան ա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ բա­ցօ­թեայ հա­մերգ, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին Ե­րուանդ Երզն­կեանն ու Հան­րա­յին ռա­տիո­յի եւ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան նուա­գա­խում­բը, Ա­րամ Վար­դա­նին, «Ի­մէ­ջին պենդ»ը, Աստ­ղիկ Մար­տի­րո­սեա­նը, Տալ­լա­նայ Գաբ­րիէ­լը, Մա­րի­նէ Յա­կո­բեա­նը եւ «Ա­րատ­տա» հա­մոյ­թը:

Հոկ­տեմ­բեր 15-ին փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս ե­լոյթ կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի ճազ­մեն­նե­րը եւ տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րէ ժա­մա­նած ազ­գու­թեամբ հայ ճա­զա­յին ե­րա­ժիշտ­նե­րը, ո­րոնց մէջ «Մալ­խաս ճազ պենդ»ը, Ա­լի­նա Են­գի­բա­րեա­նը, Դա­ւիթ­ճեան եղ­բայր­նե­րը, «Չի­քօ & Ֆրենդս»ը եւ Մօ Փլեժ­րը:

Հոկ­տեմ­բեր 16-ին փա­ռա­տօ­նը կ՚եզ­րա­փա­կէ բրի­տա­նա­ցի հան­րա­յայտ երգ­չու­հի, եր­գա­հան եւ դե­րա­սա­նու­հի, «Կրեմ­մի» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր Ճօս Սթոուն:

Yerevan Jazz Fest ա­մե­նա­մեայ ճազ փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են «Ճա­զի հայ­կա­կան միու­թիւն»ը եւ «Մեց­ցօ Փրո­տաք­շըն» ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016