ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՊԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ պի­տի գու­մա­րուի ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տը։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը վա­ղը պի­տի ժա­մա­նեն Ե­րե­ւան, նե­րա­ռեալ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նը։ Միակ բա­ցա­ռու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ Ղա­զա­խիս­տա­նի պա­րա­գան։ Ար­դա­րեւ, Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ պա­ղա­ռու­թեան հե­տե­ւան­քով պի­տի չկա­րե­նայ մաս­նակ­ցիլ վա­ղուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Նոյն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ ան յե­տաձ­գած է նաեւ իր այ­սօ­րուան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Հա­յաս­տան։ Հարկ է նշել, որ վա­ղուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Ղա­զա­խիս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ այդ երկ­րին վար­չա­պե­տը։

ՀԱՊԿ-ի վա­ղուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա­յի հետ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րադ­րու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ։ Պոր­տիու­ժա դի­տել տուաւ, թէ ՀԱՊԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ու­նի բա­ւա­կան յա­գե­ցած օ­րա­կարգ մը։ Ըստ ի­րեն, հայ­կա­կան նա­խա­գա­հու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ե­ղած է բա­ւա­կա­նա­չափ ար­դիւ­նա­ւէտ, առ­նուած են յատ­կան­շա­կան ո­րո­շում­ներ, ո­րոնք լուրջ խթան պի­տի հան­դի­սա­նան ՀԱՊԿ-ի յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա ա­ռանձ­նա­ցուց հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի յա­ւե­լեալ մի­ջոց­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ծա­ւա­լուն փաս­տա­թուղ­թը։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016