ԹՈՒՐՔ ԲԱՆԱԿԸ ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Իտլիպ քաղաքը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակը քաղաքէն ներս սկսած է ստեղծել վերահսկման կէտեր։ 

Ինչպէս ծանօթ է, Աստանայի գործընթացի ծիրէն ներս, Սուրիոյ մէջ բախումներէ զերծ գօտիներ պիտի ձեւաւորուին։ Ուստի, հրադադարի հաստատման, վերահսկման, տեւականացման ապահովման, մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու եւ տեղահանեալներու վերադարձը ապահովելու առաջադրութեամբ Թուրք զինեալ ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկած են Սուրիոյ տարածքէն ներս։

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Թուրք զինեալ ուժերու տարրերը տարածքաշրջանէ ներս իրենց պարտականութիւնը կ՚իրականացնեն՝ Աստանայի գործընթացի երաշխաւոր երկիրներուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը տեսանիւթեր ալ տրամադրած է Իտլիպ հասած թուրք զինուորներու մասին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017