ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած լայնածաւալ պատերազմի ծանր մթնոլորտին մէջ։ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Բաց աստի, նախարարը փակ քննարկում-հանդիպում մըն ալ ունեցած է խումբ մը ռուս փորձագէտներու եւ քաղաքագէտներու հետ։ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութենէն ներս կազմակերպուած այդ հանդիպման ընթացքին շօշափուած են տարածքաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն վերաբերեալ բազմաբովանդակ հարցեր։ Քննարկման առանցքին գտնուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, Ատրպէյճանի լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով տիրող իրադրութիւնը եւ Թուրքիոյ գործօն միջամտութիւնը։

Երէկուան պաշտօնական բանակցութիւններու օրակարգն ալ ընդհանրապէս բնորոշուած է այս խնդիրներով։ Մնացականեան-Լաւրով համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հնչեցին Երեւանի եւ Մոսկուայի տեսակէտները՝ Արցախի առկայ ծանր իրավիճակին կապակցութեամբ։ Ռուսական կողմի մօտեցումները բիւրեղացան Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւններով։ Անշուշտ, երէկուան բոլոր յայտարարութիւնները մեկնաբանուեցան՝ անցեալ շաբաթավերջին նոյնպէս Մոսկուայի մէջ կատարուած մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան համայնապատկերին վրայ։ Ռուս նախարարը երէկ առաջին հերթին արձանագրեց, որ հրադադարի վերաբերեալ գոյացած պայմանաւորուածութիւնը ամբողջութեամբ չի պահպանուիր։ Յիշեցնելով, որ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին՝ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ Մոկսուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփումները կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։

Բաց աստի, ռուս նախարարը խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարներուն մասին։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ, որ որոշումները անշեղօրէն կատարեն հակամարտ կողմերը։ «Մենք այսօր այդ մասին մանրամասն խօսած ենք», ըսաւ Լաւրով եւ ընդգծեց, որ անկարելի է ձգձգել քաղաքական երկխօսութիւնը։ Թրքական լրատուամիջոցները եւս արձագանգ հանդիսացած են Լաւրովի այս խօսքերուն։ Մեկնաբանութիւնը այն է, որ ռուս նախարարը այդ արտայայտութիւններով զգուշացուցած է Հայաստանը՝ հրադադարի խախտումներուն համար։

Հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութեան ենթարկուելու հաւանականութիւնն ալ այս շրջանին յաճախ կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս տեսանկիւնէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի մասին Լաւրովի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները եղան ուշագրաւ. «Երբ կը խօսինք ձեւաչափերու անփոփոխութեան մասին, մենք նաեւ կը հաստատենք քաղաքական կարգաւորման ապագայ գործողութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը՝ հիմք ընդունելով մշակուած սկզբունքները»։ Ըստ Լաւրովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը բազմաթիւ երկիրներ կ՚ընդգրկէ, բայց բանակցութիւններու լիազօրութիւնները վստահուած են համանախագահ երեք երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի։ Վերջին օրերուն համաշխարհային մայրաքաղաքներէն բոլոր յայտարարութիւնները հաստատած են Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Ան այս բոլորը ըսաւ՝ երբ իրեն յիշեցուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա պէտք է աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն ունենայ կարգաւորման հարցին մէջ։ Լաւրով նշեց, որ Իլհամ Ալիեւ ողջունած է Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ ես կապ հաստատած եմ՝ տեղեկացնելով, որ յոյս ունինք, թէ անոնք կ՚աջակցին մեր ջանքերուն։ Կիրակի կրկին հեռախօսազրոյց ունեցայ եւ կրկին հաստատուեցաւ այդ աջակցութիւնը։ Հիմա կը մնայ այդ մտադրութիւնները իրագործել», ըսաւ Լաւրով՝ ընդգծելով, որ Անգարա կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։ Ի լրումն այս բոլորին, Սերկէյ Լաւրով դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ կողմերու հետ շփումներու միջոցաւ ապահովել հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի դադրեցման համաձայնութեան կատարումը։ Ան համոզուած է, թէ սխալ է կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերսկսման ձգձգումը։

Իր կարգին, Զօհրապ Մնացականեանն ալ Մոսկուայի մէջ յայտարարեց. «Միայն կրակի ամբողջական դադրեցումէն վերջ կրնանք բոլոր հարցերու մէջ արդիւնաւէտ յառաջ երթալ»։ Ան անհրաժեշտ համարեց կրակի դադրեցումը եւ այս հարցին մէջ խիստ կարեւոր նկատեց Ռուսաստանի դերակատարութիւնը։ Մնացականեան ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդը գոյութենական վտանգի դէմ յանդիման մնացած է։ Իր խօսքով՝ կայուն հրադադարը անհրաժեշտ է մարդասիրական գործողութիւններու սկսելուն համար։ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան դարձած է տարածքաշրջանէ ներս միջազգային ահաբեկչութեան օճախ մը։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ անդրադառնալով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն Ատրպէյճան տարուած վարձկան զինեալներուն, որոնք կը մասնակցին յարձակումներու։ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ ալ բարձրաձայնեց Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ վերջին շրջանին Անգարայի հասցէագրուած քննադատութիւնները՝ տարածքաշրջանի դերակատարութեան վերաբերեալ։

Երբ Արցախի մէջ անորոշութիւնն ու մտահոգութիւնը կը գերակշռեն եւ արիւնահեղութիւնը ողբերգական համեմատութիւններու կը հասնի, Քրեմլինն ալ երէկ տեղեկացուց, որ հրադադարի պայմանաւորուածութիւններու պահպանումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ընդգծեց, որ Մոսկուա շատ ուշադիր կը հետեւի իրադրութեան։ Անցեալ շաբաթավերջին գոյացած համաձայնութիւններու կատարումը չափազանց կարեւոր է։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքոն ալ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆըրի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ՝ քննարկելով Արցախի հարցի ընթացքը։

Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսա երէկ դատապարտեց հակամարտութեան գօտիէ ներս մարդասիրական հրադադարի խախտումը։ Փարիզ հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղեց խստագոյնս հետեւիլ Մոսկուայի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւորեց բանակցութիւններու վերսկսումը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով։ Հարկ է յիշեցնել, որ Փարիզ անցեալ շաբաթավերջին ողջունած էր հրադադարի վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնը։ Այդ փուլին ֆրանսական կողմը շեշտած էր էական քննարկումներու առանց նախապայմաններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ Եւրոմիութեան յառաջատարներէն Գերմանիան ալ կոչ ուղղած էր յարգել հրադադարը։

Արցախի մէջ մարդասիրական հրադադարի խախտումներուն արձագանգեց նաեւ Թեհրան։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ երէկ հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղեց՝ պահպանել հրադադարը։ Ան հերթական անգամ արտայայտեց Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու բանակցութիւններու վերսկսման։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզին ալ երէկ ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէ ներս անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները գոյութիւն ունին խնդիրներու կարգաւորման եւ անվտանգութեան ու խաղաղութեան ապահովման համար։ Թեհրան պատրաստ է աջակցելու այդպիսի գործընթացի մը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ անմիջապէս ողջունած էր անցեալ շաբաթավերջին կատարուած հրադադարի յայտարարութիւնը։ Ան այդ յայտարարութիւնը համարած էր քայլ մը դէպի խաղաղութիւն եւ կոչ ուղղած էր, որպէսզի հակամարտ կողմերը սկսին բովանդակային երկխօսութեան։

Հրադադարի խախտումներուն արձագանգեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես։ Իր բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ յայտարարեց, որ անընդունելի են հրադադարի խախտումները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020