ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ

Հայկական կողմը Արցախի պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ հրապարակել նոր նահատակներու անուններ։ Ցայսօր պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայ զինուորներու թիւը արդէն անցած է 500-ի շեմը (532)։

Մինչ այդ, Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնը այս առաւօտ տուեալներ ներկայացուց Ատրպէյճանի կորուստներուն մասին։ Այսպէս, Ատրպէյճանի բանակէն 5 հազար 139 զինուոր մահացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կորսնցուցած են՝ 18 ռազմաօդանաւ, 16 ուղղաթիռ, 173 անօդաչու թռչող սարք, 521 հրասայլ եւ այլ զրահապատ ինքնաշարժ, 4 «Թոս» համազարկային կայանք, եւ այլն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020