ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Էրտողան մատնանշեց, որ Հայաստան բռնագրաւած է Ատրպէյճանի տարածքները։ Ան յիշեցուց, որ Հայաստան Ատրպէյճանի Թովուզի շրջանէն վերջ Կենճէ քաղաքին վրայ ալ յարձակած է։ Անոնք բնական կազի եւ քարիւղի խողովակաշարներու, նաեւ հաղորդակցութեան ուղղութիւններու վրայ կը գտնուին։ Հետեւաբար, ըստ Էրտողանի, Հայաստան կը սպառնայ դէպի Եւրոպա ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Շարլ Միշել անցեալ շաբաթավերջին անմիջապէս արձագանգած էր Մոսկուայի մէջ կատարուած հրադադարի յայտարարութեան։ Ան կողմերուն կոչ ուղղած էր՝ պահպանել այդ համաձայնութիւնը։

Էրտողան-Միշել հեռախօսազրոյցը համընկնեցաւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս առթիւ եւրոպացի նախարարները ընդգծեցին ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել ժողովէն վերջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Ըստ իրեն, հանդիպման ընթացքին լսուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գնահատականները՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի ներկայացուցած տուեալներու լոյսին տակ։ «Ընդգծեցինք ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալու կարեւորութիւնը։ Մենք քննարկեցինք, թէ ինչպէս կրնանք նպաստել այդ բանին։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները իրենց լուման ներդնեն հրադադարի համար եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ քայլեր առնեն», ըսաւ Պորել։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Մինչ այդ, Անգարա բոլոր հարթութիւններու վրայ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ այս հարցին շուրջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Հուլուսի Աքար այս առթիւ անհանգստութիւն յայտնեց, որ Հայաստան կը խախտէ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը։ Աքար ռուս պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց, որ Հայաստան պէտք է վերջ տայ իր յարձակումներուն եւ դուրս պէտք է բերուի իր բռնագրաւած տարածքներէն։

Նախարար Աքար Ազգային պաշտպանութեան համալսարանի նոր ուսումնական շրջանի բացման հանդիսութենէն վերջ ալ արժեւորումներ կատարեց օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան հրթիռակոծած է Կենճէն։ Ըստ իրեն, այս բանը սովորութեան վերածուած է Հայաստանի կողմէ, որու ղեկավարութիւնը այս նիւթին շուրջ ծայր աստիճան անպատշաճ կը վարուի։ «Բաւական շփացած են իրենց ցուցաբերուած աջակցութիւնով։ Ո՛չ միջազգային իրաւունքի եւ ոչ ալ մարդկային արժէքներու նկատմամբ յարգանք ունին։ Կը շարունակեն իրենց յարձակումները։ Օր մը այս բոլորի հաշիւը պիտի տան թէ՛ պատմութեան եւ թէ միջազգային իրաւունքի առջեւ», ըսաւ Աքար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկնեց, որ Թուրքիա պէտք է գտնուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին։ «Թուրքիա Մինսքեան խմբակի անդամ է։ Այդ պարագային ինչո՞ւ պէտք չէ գտնուի համանախագահներու շարքին։ Եթէ նոյնիսկ արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներ չեն փափաքիր ընդունիլ այդ փաստը, ապա տարբերութիւն մը չկայ՝ Թուրքիա լուրջ ըսելիք ունի եւ ան լիովին անկախ է», ըսաւ Ալիեւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020