ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ԴԵՍՊԱՆ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ ստանձնեց նոր առաքելութիւն մը։ Այսպէս, ան դարձաւ Հայաստանի «Ժպիտներու քաղաք / City of Smile» բարեգործական հիմնադրամի բարի կամքի դեսպանը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս կառոյցի գործունէութեան կիզակէտին կը գտնուին այն երեխաները, որոնք կը տառապին քաղցկեղէ։

Բարիկամեցողութեան դեսպանի առաքելութիւնը ստանձնելու զուգահեռ, Սիպիլ այսուհետեւ աւելի յաճախակիօրէն պիտի բարձրաձայնէ քաղցկեղէ եւ արեան հիւանդութենէ տառապող երեխաներու, երիտասարդներու խնդիրներն ու ձեռքբերումները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021