ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարը։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ճայշանքար յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ երկու երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է շարք մը յստակ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021