ՃՇԳՐՏԵԼ ԺԱՄԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցած առանձնազրոյցը այս տարուայ արդէն չորրորդ հանդիպումն էր անոնց միջեւ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Փութին նշեց, որ թէեւ Փաշինեանի հետ հեռաձայնով յաճախ կապի մէջ են, սակայն, հանդիպումները միշտ ալ արդիւնաւէտ են ակնկալուած արդիւնքներուն հասնելու տեսակէտէ։ Ռուս ղեկավարը «Ճշգրտել ժամերը» որակեց հանդիպումները եւ երէկուան տեսակցութիւնը կարեւորեց թէ՛ ներկայ դրութեամբ եւ թէ երկարաժամկէտ տարածքաշրջանի խնդիրներու կարգաւորման տեսակէտէ։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ համամիտ գտնուեցաւ «ժամերու ճշգրտման» կարեւորութեան եւ ընդգծեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու բարձր թափը՝ ռազմավարական, դաշնակցային կապերու կարեւորութեան լոյսին տակ։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ այժմ թափով գործընթացներ տեղի կ՚ունենան։ Ուստի, դաշնակիցներու հանդիպումները շատ կարեւոր են։ «Դժբախտաբար, մեր տարածքաշրջանի հետ կապուած տակաւին կարելի չէ խօսիլ իրավիճակի լիարժէք կայունացման մասին։ Ինչպէս դուք նկատած էք, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը մնայ անլոյծ եւ հասկնալի է, որ հակամարտութեան լուծման ու մեր տարածքաշրջանէն ներս անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ Ռուսաստան ունի առանցքային դերակատարութիւն՝ հանդիսանալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր», ըսաւ վարչապետը։

Երէկուան բանակցութիւններու ժամանակ քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ 9 նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 յունուար 2021-ին գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման, տնտեսական կապերու վերականգնման ապագայ քայլերուն եւ այս ուղղութեամբ տեղի ունեցող այժմու զարգացումներուն վերաբերեալ հարցերու։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021