«ԵՐԵՒԱՆ ԲԱՑ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Իրանի դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու գործադրութեան շուրջ ստեղծուած զարգացումներուն։ «Կը կատարուին համապատասխան գնահատականներ, որոնց հիման վրայ պիտի առնուին համապատասխան քայլեր։ Ես ուղղակի այս պարագային կրնամ ընդգծել, որ մենք բաց երկխօսութիւն  պիտի ունենանք գործընթացին ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ, յստակօրէն պիտի ներկայացնենք մեզ յուզող բոլոր հարցերը եւ պիտի բացատրենք մեր գործողութիւններու տրամաբանութիւնը», ընդգծեց բանբերը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նաղդալեան աւելցուց նաեւ, որ այս պահուն կրնայ միայն այսքանը ըսել, երբ իրադրութեան համապատասխան գնահատականը տրուի, ապա այդ ժամանակ պիտի կարողանայ աւելի մանրամասն ներկայացնել հայկական կողմի յետագայ քայլերը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018