ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։ Զուարթնոց օդակայանին մէջ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան մարզիկները։ Ոսկէ մետայլ նուաճած Սիմոն Մարտիրոսեան եւ արծաթէ մետայլ նուաճած Գոռ Մինասեան առարկայ դարձան մարզասէրներու աննախընթաց համակրանքին։ Անոնց վիզէն անցուեցան դափնիներ։

Դիմաւորման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կառավարութենէն քանի մը նախարարներ, ինչպէս նաեւ Ողիմպիական ազգային կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, որոնք շնորհաւորեցին դափնեկիրները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018