ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Անթիլիասի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի համահայկական ցուցահանդէսի բացումը։ Սա 39-րդ ցուցահանդէսն է, որու բացումը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջնորդուեցաւ ցուցահանդէսի տաղաւարը եւ կատարեց պաշտօնական բացումը։ Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս խորհուրդ տուաւ հայ գիրքին մօտենալ երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ հայ գիրքէն հեռանալ կը նշանակէ հեռանալ հայութենէ։ Ան յայտնեց, որ հայ գիրքը հաւաքական յիշողութեան գանձարան մըն է, որովհետեւ այնտեղ կ՚արտայայտուին հայու կանչն ու տագնապը, երգն ու վէպը։ «Հոն ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւն են մեր գերագոյն արժէքները՝ եկեղեցին ու Հայաստանը, մեր ազգն ու պատմութիւնը՝ իրենց անցեալով, ներկայով ու ապագայով», նշեց Կիլիկեան Աթոռի գահակալը։

Նոյն առթիւ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայ գիրքը արժէք է հայ մարդուն համար, իսկ արժէքը նուիրական նշանակութեան եւ իւրայատուկ կարեւորութեան տէր բարոյական, իմացական եւ գեղարուեստական խորհրդանշան մըն է, որ անհատի, կազմակերպութեան կամ ընկերութեան մը կեանքը կը ղեկավարէ եւ անոնց յաւերժութիւնը կ՚երաշխաւորէ։ «Առանց արժէքներու կենսանորոգ գոյութեան, մարդկային կեանքը դատապարտուած է կորսնցնելու իր որակն ու խորքը, իւրայատկութիւնն ու ուղղութիւնը», շարունակեց ան։

Ցուցահանդէսի բացման ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդի պարագային, մշակութային արժէքներու կողքին, գիրքը ունի իր ուրոյն տեղն ու դերը։ «Մարդկային հասարակաց եւ ընդհանրական արժէքներուն առընթեր, իւրաքանչիւր կրօն կամ ազգ ունի իր արժէքներու համակարգը։ Քրիստոնէութեան արժէքները իր կեանքին միախառնած հայ ժողովուրդին համար արժէք է եկեղեցին, նաեւ՝ անոր հոգեւոր արժէքներու պաշտպանը դարձած հայրենիքը, մշակոյթը, լեզուն եւ ընտանիքը։ Այս արժէքները մեր ժողովուրդի գոյապայքարը լիցքաւորեցին հաւատքով ու վճռակամութեամբ», շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ ազգային եւ հոգեւոր երգերու կատարումներով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը։

Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2 դեկտեմբեր եւ ամէն օր բաց պիտի ըլլայ օրուան տեւողութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018