ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ պատմական Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման ուղղութեամբ կարեւոր պատասխանատուութիւններ կը վիճակին Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի։

Դէպի Աշխապատ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի Արտաքին գործոց նախարար Ռաշիտ Մերետովի հետ։

Բանակցութիւններէն վերջ կազմակերպուած նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ երկկողմանի օրակարգի հարցերու առընթեր, քննարկուած են նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով նիւթեր։ «Պատմական Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման ուղղութեամբ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ կը վիճակին Թուրքիոյ, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի։ Այս ուղղութեան վրայ մենք կը հանդիսանանք ամենակարեւոր երեք երկիրները։ Հետեւաբար, Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման համար մէկ կողմէ երկաթուղիներ կը կառուցենք, իսկ միւս կողմէ ցամաքային բեռնափոխադրութեան եւ ուժանիւթի անվտանգութեան վրայ կ՚աշխատինք։ Թիւրքմենիստանի կողմէ արտադրուած բնական կազի դէպի Եւրոպայի շուկայ, համաշխարհային շուկայ հասնելուն համար այս պահուն կրնանք կապ հաստատել մեր TANAP ծրագրին հետ։ Թէ ինչպէ՛ս կրնանք հաստատել այդ կապը եւ թէ ինչպէս Կասպից ծովու յատակէն կրնանք նաւթամուղ խողովակաշարներ անցընել։ Այս բոլորին շուրջ արժեւորումներ կատարեցինք։ Ներկայ ամսուան վերջաւորութեան Թիւրքմենիստան կը կազմակերպէ հաղորդակցութեան վերաբերեալ տարածքաշրջանային խորհրդաժողով մը։ Թուրքիան ալ անշուշտ այդ ժողովին պիտի մասնակցի։ Մենք կը խրախուսենք Թիւրքմենիստանի այս ծրագիրը։ Թիւրքմենիստան մասնաւորապէս արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ ոստումներ կը կատարէ։ Մենք կրնանք համագործակցիլ նաեւ այս նիւթերուն շուրջ։ Մենք կը գիտակցինք, որ նոր թափ մը պէտք է տանք մեր յարաբերութիւններուն։ Յառաջիկայ շրջանին աւելի յաճախակիօրէն պիտի տեսակցինք։ Կրնանք իրականացնել նաեւ Թիւրքմենիստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եռակողմանի գագաթաժողովը», ըսաւ Չավուշօղլու։

Աշխապատի յայտարարութիւններուն ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի ծրագրուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի դէպի Թիւրքմենիստան այցելութիւնը։ Նախապատրաստական աշխատանքները արդէն օրակարգի վրայ առնուած են։ Չավուշօղլու յայտնեց, որ նախագահ Էրտողանի այցելութեան ծիրին մէջ կարելի կրնայ ըլլալ իրականացնել նաեւ Թիւրքմենիստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եռակողմանի գագաթաժողովը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018