ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ տարուան տեւողութեան երկու ղեկավարները ուղղակի կամ հեռաձայնով զրուցած են 32 անգամ։ Այս ժամանակաշրջանին Վլատիմիր Փութին ուրիշ որեւէ երկրի ղեկավարի հետ չէ շփուած այսքան խտացեալ ձեւով։ Երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն առընթեր, բնականաբար յառաջիկայ հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի գտնուին քաղաքական բնոյթով խնդիրներ։ Կը նախատեսուի, որ Էրտողան եւ Փութին մասնաւորապէս նկատի կ՚ունենան Սուրիոյ տագնապն ու Իտլիպի վերաբերեալ համաձայնութեան ընթացքը։

Փութինի յառաջիկայ այցելութեան շարժառիթը պիտի ըլլայ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կարեւոր փուլերէն մէկուն աւարտին հասած ըլլալը։ Արդարեւ, «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կարեւոր մէկ մասը կ՚անցնի Սեւ ծովու յատակով եւ ներկայիս ծովային մասի կառուցումը արդէն աւարտած է։ Ուստի, այս կապակցութեամբ նախատեսուած է արարողութիւն մը։ Երկուշաբթի, 19 նոյեմբերին, նախատեսուած է այդ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Ռուս ղեկավարի միջազգային յարաբերութիւններու գծով գլխաւոր օգնականը՝ Եուրի Ուշաքով նշեց, որ Փութինի մասնակցութեամբ հերթական անգամ պիտի շեշտուի այդ ծրագրի կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018