ՖԷՆԷՐԻ ԵՒ ԱԹԷՆՔԻ ՄԻՋԵՒ ՁԳՏԵԱԼ ՎԻՃԱԿ

Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։ Թէեւ Սահմանադրութեան մէջ կը պահպանուի այն արտայայտութիւնը, թէ երկրի պաշտօնական կրօնն է քրիստոնեայ-ուղղափառութիւնը, սակայն պետական ու կրօնական գործերու մէջ արմատական տարանջատում մը կը նախատեսուի։ Կը շեշտուի, որ պետութիւնը կրօնի տեսակէտէ անկողմնակալ է։ Բաց աստի, բոլոր պաշտօնական հաստատութիւններու մէջ կրօնական երդումը պիտի փոխարինուի աշխարհիկ երդումով մը։

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Յունաստանի այս իրադարձութիւնները որոշ լարուածութիւն յառաջացուցած է Աթէնքի ղեկավարութեան եւ Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանին միջեւ։ Ուղղափառաց Տ. Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս կապակցութեամբ իր անհանգստութիւնները յայտնած է Յունաստանի Կրթութեան ու կրօնական գործոց նախարար Քոսթաս Կավրօղլուի ուշադրութեան։ Այս վերջինը Նորին Սրբութեան այցելութեան փութացած է Իսթանպուլ եւ տեսակցութեան ընթացքին փոխանցած է տեղեկութիւններ ու վերահասու դարձած նաեւ՝ յունաց պատրիարքի բուռն հակազդեցութեան։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Յունաստանի մէջ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնները կ՚ենթադրեն նաեւ շուրջ 10 հազար կրօնաւորներու պետական պաշտօնեայի կարգավիճակի վերջ գտնելը։ Այս ուղղութեամբ թէեւ ընդհանուր համաձայնութիւն մը գոյացած է երկրէն ներս, սակայն Ֆէնէրի պատրիարքարանը տեղեակ չէ պահուած ի սկզբանէ ու տեղեկութիւն փոխանցուած է այդ բոլորին շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան մը գոյանալէն վերջ։ Այս երեւոյթը Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի եւ Աթէնքի ղեկավարութեան միջեւ պատճառ դարձած է որոշ լարուածութեան։ Արդարեւ, մինչեւ այսօր Յունաստանէ ներս բազմաթիւ եկեղեցիներ ու վանքեր կը գտնուին ոչ թէ Աթէնքի արքեպիսկոպոսի, այլեւ՝ Պոլսոյ Աթոռի իշխանութեան ներքեւ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս որոշած է նախարար Կավրօղլուն Իսթանպուլ ուղարկել՝ իրազեկելու համար Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը։ Ֆէնէրի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Կավրօղլուին յիշեցուցած է, որ ինքն ալ ծնած է Իսթանպուլի մէջ ու պէտք է շատ աւելի կանուխ, նախապէս տեղեկութիւն փոխանցէ իրեն։ «(Նախագահ) Էրտողան զիս կը յարգէ։ Ռուսաստանի, Փութինի յարձակումներէն չեմ վհատած։ Ցիփրասն ալ չի կրնար անտեսել զիս», ըսած է Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը հանդիպման ընթացքին։

Աթէնքի ղեկավարութեան հետ յառաջացած այս լարուածութիւնը կը զուգադիպի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի տեսակէտէ դժուարին ժամանակաշրջանի մը։ Արդարեւ, Ֆէնէրի պատրիարքարանը Ռուսաստանի հետ ալ տագնապ մը կը դիմագրաւէ՝ Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ անկախութեան ճանաչման բերումով։

Յունաստանի վարչապետ Ցիփրաս եւ Աթէնքի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսը վերջերս համաձայնութեան մը հասած են՝ առանց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հաւանութեան։ Ըստ այդ համաձայնութեան, շուրջ տասը հազար կրօնաւորի՝ պետական պաշտօնեայի կարգավիճակը վերջ պիտի գտնէ։ Յունաստանի մէջ պետութիւնը ամէն տարի 2010 միլիոն եւրօ կը յատկացնէ կրօնաւորներու ամսաթոշակներու վճարման համար։ Այս վերջին համաձայնութիւնով կը նախատեսուի պետութեան կողմէ այդ գումարի եկեղեցիին տրամադրուիլը։ Բաց աստի, Յունաստանի մէջ եկեղեցապատկան կալուածները պիտի փոխանցուին նոր ստեղծելիք ֆոնտի մը եւ այդ կալուածներու հասոյթն ալ պիտի բաժնուի պետութեան ու եկեղեցւոյ միջեւ։ Հարկ է նշել, որ Յունաստանի մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու արժէքը միլիառաւոր եւրոներ կը կազմէ։ Այս նոր համաձայնութեան խորքին մէջ մօտեցումը այն է, որ Յունաստանի անկախ եկեղեցին՝ այսինքն Աթէնքի արքեպիսկոպոսութիւնը իշխանութիւնը կը տարածէ երկրի ամբողջ եկեղեցիներուն վրայ։ Մինչդեռ, Եգէականի Դոդեկանես ու Կրետէ կղզիները թէ՛ հոգեւոր եւ թէ վարչական առումով կապուած են Պոլսոյ Աթոռին։ Յունաստանի հիւսիսին ալ Արեւմտեան Թրակիոյ եւ Եանեայի շրջանի եկեղեցիները ի հոգեւորս ենթակայ են Ֆէնէրի պատրիարքարանին։

Յունաստանի զանգուածային լրատուական միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս իրադարձութիւններուն։ Ըստ այդ աղբիւրներուն, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք Կավրօղլուն հիւրընկալելու ժամանակ յայտնած է, որ տեղի պիտի չտայ իրեն դէմ ձեռնարկուած այս խաղերուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018