CRANS MONTANA ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԳԼԽԱՒՈՐ ՖՈՐՈՒՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը ստացաւ Crans Montana ֆորումի նախագահ Փիէռ-Էմմանիւէլ Քուիրինի եւ նոյն ֆորումի պատուոյ նախագահ ու հիմ-նադիր դեսպան Ժան-Փոլ Քարթերոնի կողմէ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ վերջերս մասնակցութիւն բերած էր «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» խորագրեալ համաժողովին։ Սա Crans Montana-ի 20-րդ տարեկան նստաշրջանն էր եւ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեան համար Քուիրին եւ Քարթերոն շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց համատեղ նամակին մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այդ նամակին մէջ միեւնոյն ժամանակ անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին Crans Montana-ի գլխաւոր ֆորումը Երեւանի մէջ կազմակերպելու ուղղութեամբ։ «Թոյլ տուէք հաստատել, որ Crans Montana ֆորումը ուրախ կ՚ըլլայ բացայայտել ձեր երկրի հետ մեր համագործակցութիւնը խորացնելու ամենաարդիւնաւէտ ուղիները։ Մենք պատրաստ ենք տրամադրել մեր կազմակերպութեան մեծ ներուժը եւ Հայաստանին առաջարկել հաղորդակցման բացառիկ հնարաւորութիւններ՝ ներառեալ գլխաւոր ֆորումի կազմակերպումը Երեւանի մէջ», նշուած է մասնաւորապէս Քուիրինի եւ Քարթերոնի նամակին մէջ։

Crans Montana ֆորումը հարթակ մըն է, որ կը խրախուսէ միջազգային համագործակցութիւնը։ Այդ ֆորումի տարեկան ձեռնարկներուն մասնակցութիւն կը բերեն աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներէ առանցքային դերակատարներ, որոնք անպաշտօն մթնոլորտի մէջ կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան վերաբերեալ կարեւորագոյն հարցեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018