ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ, ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկ երեկոյեան թեկնածուներէն՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովուրդի հետ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան ժողովուրդի հետ այս հանդիպումը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն։ Երեկոյթը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած մանիշակագոյն շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանրահաւաք մըն էր եւ այս առումով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ցարդ կազմակերպուած հաւաքոյթներու ամենայաջողն ու ամենաոգեւորը կը համարուէր։

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Սամաթիոյ մէջ իսկապէս տօնախմբութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Թաղի սանուց միութեան դահլիճը եւ յարակից երկու սրահները ամբողջութեամբ պատրաստուած էին այս երեկոյթին համար։ Հարիւրաւոր անձեր լեցուցած էին այս երեք սրահները։ Թէ՛ սամաթիացիներ եւ թէ այլ թաղերէ փութացած համակիրներ, համախոհներ Սամաթիոյ մէջ համախմբուեցան՝ որպէս մեծ խումբ մը, որու անդամներու թիւը կը մօտենար շուրջ եօթ հարիւրի։ Այս մթնոլորտին մէջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հերթական անգամ շինիչ պատգամներ տուաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին կապակցութեամբ։

Երեկոյթը վարեց Սամաթիոյ ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն Պարոն Նալպանտ։ Նախքան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքը, մանիշակագոյն շարժումի անունով ընտրութեան գործընթացի ներկայ վիճակը ամփոփեց լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան։ Աւելի վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ եւ հերթական անգամ պարզեց իր մօտեցումները նախընտրական գործընթացին եւ նոր պատրիարքի օրակարգին կապակցութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը առնուազն պատրիարքական ընտրութեան չափ կարեւոր է եւ ընտրուելու պարագային պիտի հետապնդէ այդ խնդրին լուծումը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կանգ առաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակի բացակայութեան հարցի լուծման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ մշտական կանոնադրութիւն մը պիտի փորձէ ապահովել, ինչպէս նաեւ ջանք պիտի գործադրէ, որպէսզի Պատրիարքարանը ունենայ մշտական հասոյթներ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ ընդհանրական լիազօրութիւնով աշխարհականներէ բաղկացեալ կեդրոնական մարմնի մը կարեւորութեան վրայ։ «Պատրիարքը միայն այս համայնքի օժանդակութեամբ կրնայ կառավարել։ Ուստի, մեր լաւ պատրաստուած անձերէն պէտք է կազմենք խորհուրդ մը, որպէսզի հնարաւոր դառնայ մեր համայնքի աւելի կատարեալ եւ արդիւնաւէտ կառավարումը», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ երեկոյթի տեւողութեան կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ մեր երիտասարդութեան վերաբերեալ խնդիրներուն, կրթական կեանքի հարցերուն, մեր միութիւններու եւ սանուց միութիւններու գործունէութեան կատարելագործման եւ այլ զանազան խնդիրներու վրայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ մէջ հոծ բազմութեան առջեւ ընդգծեց, որ կը փափաքի ականջ տալ մեր ժողովուրդի ձայնին եւ պատրաստ է մատուցելու ծառայութիւն։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդն ալ հերթական անգամ զինքը պիտի ընդունի գրկաբաց։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հաւաքոյթի տեւողութեան մանրամասն եւ սպառիչ պատասխաններ ալ տուաւ իրեն ուղղուած բազմաբնոյթ հարցումներուն։

Երէկուան հաւաքոյթը զուգադիպեցաւ պատգամաւորական թեկնածութիւններու ներկայացման վերջնաժամկէտի յաջորդած փուլին։ Ուստի, մանիշակագոյն շարժման կողմէ պատգամաւոր ներկայացուած դէմքերուն մեծամասնութիւնը արդէն համախմբուած էր Սամաթիոյ մէջ։ Երեկոյթի ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 103 աշխարհական պատգամաւորներէն մանիշակագոյն շարժումը 101 պատգամաւորի թեկնածու ցոյց տուած է։ Յայտարարուեցաւ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պարագային, այսինքն այդ ընտրատարածքի պարագային, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի փափաքով մանիշակագոյն շարժումը ձեռնպահ մնացած է թեկնածուներու առաջադրումէն։ Արդարեւ, այդ կէտին վրայ մանիշակագոյն շարժումին կողմէ թեկնածու առաջադրուած անունները ենթարկուած էին զանազան ճնշումներու եւ իբր այդ հանած՝ իրենց թեկնածութիւնը։ Մանիշակագոյն շարժումը յաչս մեր համայնքին արտայայտելու համար իր անհանգստութիւնն ու բողոքը, որոշած է այդ կէտին վրայ թեկնածուներ չներկայացնել։

Ինչպէս Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած նախորդ հաւաքոյթներուն, երէկ երեկոյեան եւս Սամաթիոյ մէջ համախմբուած էին մեր համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան, յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ եկած էին իրենց աջակցութիւնը յայտնելու ի նպաստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Հանդիսութեան ընթացքին մանուկներ ծաղկեփունջեր նուիրեցին նորին սրբազնութեան եւ տիրամայր Մարի Մութաֆեանին։ Ներկայ էր նաեւ յայտնի մեներգիչ Պետրի Այսելի, որ Տիգրանակերտէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բարեկամն է։ Պետրի Այսելի հայկական ժողովրդական երաժշտութենէ քանի մը երգերով մասնակցութիւն բերաւ երէկուան երեկոյթին եւ իսկապէս խանդավառեց մթնոլորտը՝ մանաւանդ, որ նորին սրբազնութիւնն ալ կարճ ատեն մը մասնակցեցաւ անոր երգեցողութեան։ Երեկոյթի եզրափակիչ փուլին խանդավառ ճառ մըն ալ արտասանեց Սամաթիոյ Պատուոյ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ, որ բոլորին կոչ ուղղեց չխրտչիլ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս թեկնածուներու կամ համախոհներու վրայ բանեցուած ճնշումներէն։ Ան նշեց, որ այսպիսի խնդիրներ միշտ կրնան յառաջանալ, սակայն պէտք է դրսեւորել վճռակամութիւն եւ այդ բոլորը անպայման կը յաղթահարուին եւ մեր համայնքը՝ որպէս փոքրամասնութիւն կը շարունակէ գոյատեւել Թուրքիոյ մէջ։

Երեկոյթի աւարտին նորին սրբազնութիւնը բեմահարթակի վրայ երկար սպասեց նկարահանումներու համար։ Աւելի վերջ պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութեան ժամանակ եւս ան շրջապատուեցաւ ժողովուրդին կողմէ եւ անմիջական զրոյցի ձեւաչափով պատասխանեց բոլորի հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019