ՅՍՏԱԿ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցութիւն բերաւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ Նիկոլ Փաշինեան յստակ ակնկալութիւններ օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ՝ հասցէագրուած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ «Եթէ ստանձնած ենք պատասխանատուութիւն, ապա պէտք է ջանքեր գործադրենք տարածքաշրջանէ ներս հասնելու համար իրական փոփոխութիւններու», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին ժամանակ։

Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ անձնապէս խնդրած է Իլհամ Ալիեւէն՝ բեկում մտցնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ «Բայց դժբախտաբար ան կը շարունակէ յայտարարել, որ Զանգեզուրը, Սիւնիքը, Սեւանայ լիճը կամ մայրաքաղաք Երեւանը Ատրպէյճանի տարածքներ են։ Ոեւէ մէկը մեզի հետ չի կրնար ուժի լեզուով խօսիլ։ Իսկ ի՞նչ կը սպասէիք, որ ես յայտարարեմ, այն պարագային, երբ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը յայտարարէ, որ պիտի գրաւէ ո՛չ միայն Ղարաբաղը, այլ նաեւ՝ Զանգեզուրը եւ Երեւանը։ Մեր առաջարկը խաղաղութիւնն է, մենք չենք սպառնար ոեւէ մէկուն տարածքաշրջանէ ներս, մենք կ՚ուզենք պատրաստել մեր հասարակութիւնը խաղաղութեան համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այս կարեւոր հաւաքոյթի ընթացքին։

Հայաստանի վարչապետը Փարիզի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու օրակարգային հրատապ հարցերը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն եւ այդ ամբողջին մէջ խօսեցան մուտքի արտօնութիւններու չեղարկման մեկնարկի ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն շուրջ։ Կողմերը կարեւորեցին բարձր մակարդակով այցելութիւններու կազմակերպումը եւ այդ ուղղութեամբ հասան համապատասխան համաձայնութիւններու։ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց, որ զանազան առիթներով նման հանդիպումները նոր ազդակ կը հաղորդեն երկկողմանի կապերու զարգացման եւ ամրապնդման համար։

Նիկոլ Փաշինեան եւ իր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան Փարիզի մէջ երէկ մասնակցեցան նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 40-րդ ընդհանուր խորհրդաժողովի աշխատանքներուն։ Այս փուլին եւս Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան ամոլը երեկոյեան ընթրիքով մը մեծարուեցան ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019