ԷՐՏՈՂԱՆ ԱԼԻԵՒԻՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Հաւաքի տանտէրն էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ այս առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յանձնեց թրքական աշխարհի շքանշանը։ Սա շնորհուեցաւ ի նշանաւորումն Ալիեւի վճռական ղեկավարութեան շնորհիւ ապահովուած եւ երեսնամեայ բռնագրաւման վերջ տուած Ղարաբաղի յաղթանակին։

Գագաթաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Ալիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքին մասին։ Ալիեւ յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի յաղթանակը կը նշանակէ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ենթակառուցուածքներու զարգացում։ Ան այս առումով կարեւորեց Զանգեզուրի միջանցքի բացումը։ «Սա պիտի բանայ լայն հնարաւորութիւններ ամբողջ տարածաշրջանին առջեւ։ Այդ միջանցքը շատ լաւ ներուժ մը ունի եւ պիտի միաւորէ թրքական աշխարհի բոլոր երկիրները՝ մեզ միացնելով Եւրոպայի հետ», յայտնեց Ալիեւ գագաթաժողովի ընթացքին։

Նախագահ Էրտողանն ալ գագաթաժողովի ընթացքին ակնարկեց նոյն խնդրին։ «Մենք չենք կրնար մեր ձգտած նպատակներուն հասնիլ՝ եթէ ցամաքէն, օդէն ու ծովէն ամուր ձեւով կապուած չըլլանք իրարու հետ։ Տարանցման փաստաթուղթերը այլեւս մեր օրակարգէն դուրս բերենք», ըսաւ նախագահ Էրտողան եւ իր ելոյթին մէջ կենսական նշանակութիւն վերագրեց Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապին։ «Տարածաշրջանի տարանցիկ ու լոժիսթիք կեդրոն մը դառնալէն անտարակոյս բոլորս պիտի օգտուինք», ըսաւ նախագահը։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021