ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան, Պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ «2+2» ձեւաչափով բանակցութիւններ վարեցին Փարիզի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Լիպիոյ վերաբերեալ միջազգային համաժողով մը։ Փարիզի եւ Մոսկուայի ղեկավարութիւններուն միջեւ այդ միջազգային կարեւոր հաւաքին զուգահեռ ծաւալուած քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը։ Այսպէս, Եւրոպայի անվտանգութեան ու ռազմավարական կայունութեան առընթեր կողմերը կանգ առին սպառազինութիւններու սահմանափակման ու վերահսկման, տիեզերքէ ներս սպառազինութիւններու մրցավազքի կանխման վրայ։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու ընթացքը։

Աշխարհի թէժ զանազան տարածաշրջաններու ընդհանուր կացութեան շուրջ ալ ռուսական եւ ֆրանսական կողմերուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան։ Այս ամբողջին մէջ կողմերու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի համատեղ գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ համաձայնութեան մը ապահովման նպատակով։

Փարիզի երէկուան բանակցութիւններէն առաջ ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդած էին, որ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021