ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՄԱԼՔԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժողովներուն մասնակցելու համար։ Անոնք ընդգծեցին հայ եւ արաբ ժողովուրդներու հարուստ պատմամշակութային կապերն ու աւանդական բարեկամութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցերու ու կարեւորեցին հայ-պաղեստինեան քաղաքական երկխօսութեան խորացման ուղղեալ գործնական քայլերու ձեռնարկումը։

Քննարկուեցան նաեւ Սուրբ երկրէն ներս հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հարկ է յիշեցնել, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան վերաբերեալ գործարքը անհանգստութիւն պատճառած էր Պաղեստինի ինքնավարութեան։ Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ արձագանգ գտած էր, որ Երուսաղէմի Պատրիարքարանին հետ շփումներու ապարդիւն մնալէն վերջ, Պաղեստինի ղեկավարութիւնը այս հարցը յանձնած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան նկատառման։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021