ՆՊԱՏԱԿԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքով լարուածութիւնը դժբախտաբար կը մնայ առկայ։ Գորիս-Կապան ճանապարհի վրայ ստեղծուած կացութիւնը այս հարցի ամենավառ երեսակներէն մին է։ Հայկական հանրային կարծիքը իրադարձութիւններուն կը հետեւի մտահոգութեամբ, որովհետեւ մէկ կողմէ Պաքուի ղեկավարութեան ծայրայեղ քայլերը, իսկ միւս կողմէ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ դրսեւորուած տկարութիւնները ամէն ինչ կը բարդացնեն։ Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Շուշիի անցակէտին մօտ Ատրպէյճանի զինուորներու սադրիչ գործողութիւններուն ի պատասխան անյայտ անձ մը պայթուցիկ սարք մը նետած է այդ անցակէտի շրջակայքին։ Դէպքը վաղ առաւօտեան պատահած է Ստեփանակերտ-Բերձոր միջպետական ճանապարհին վրայ։ Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ Արցախի իրաւապահ մարմինները ձեռնարկած են համապատասխան հետախուզման։ Դէպքի հետեւանքով վիրաւորուածներ կամ տուժածներ չեն եղած։ Կոչ ուղղուած է՝ խուճապի չմատնուիլ, պահպանել հանգստութիւն եւ հետեւիլ միայն պաշտօնական լրահոսին։

Գորիս-Կապան ճանապարհի վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններու լոյսին տակ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, որու համոզմամբ յստակ ցոյց պէտք է տալ Ատրպէյճանի արարքներու հիմնական մղումը։ «Ճանապարհներու ապաշրջափակման քօղի ներքեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վարեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական բնակավայրերու մեկուսացման ուղղեալ նպատակային քաղաքականութիւն, որ մարդասիրական խնդիրներ կը յառաջացնէ», ահազանգ հնչեցուց պաշտպանը։

Միւս կողմէ, նոյն ճանապարհի աղմկայարոյց իրադարձութիւններու լոյսին տակ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ։ Ան անթոյլատրելի եւ անընդունելի համարեց որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, երկրի քաղաքացիներու կեանքի, անոնց ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի եւ այլ բոլոր հիմնարար իրաւունքներուն դէմ։

«Որեւէ ոտնձգութեան պարագային համապատասխան պետական մարմինները եւ պաշտօնական անձեր, սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով նախատեսուած իրենց լիազօրութիւններու շրջանակներուն մէջ, պարտաւոր են ձեռնարկելու բոլոր միջոցներուն եւ օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները՝ ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անոր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը», նշուած է Արմէն Սարգսեանի գրառման մէջ։

Գորիս-Կապան ճանապարհի իրադարձութիւնները վրայ հասած են 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի առաջին տարելիցի շրջանին, երբ Հայաստանի մէջ բռնկած է նաեւ ընդդիմութեան բողոքի նոր ալիքը։ Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը նախընթաց օր կառավարութեան շէնքին առջեւ կազմակերպած է ցոյց մը, որու ընթացքին եւս ձայն բարձրացուած էր Գորիս-Կապան ճանապարհի կացութեան դէմ։  

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021