ՈՒԺԸ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԻ ԲԵՐԵՐ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ուժով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ժամանակ։ Հեռավար նիստի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով, որ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մնացած է անցեալի մէջ։ Ան կրկնեց երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի յայտնի խօսքերը, ըստ որոնց Ատրպէյճանէ ներս ներկայիս կայ երկու շրջան՝ Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր։

Մհեր Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ հակադարձեց յիշեալ արտայայտութիւններուն ու շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման կարելի է հասնիլ միայն խաղաղ ճանապարհով՝ բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջազգային լիազօրութեան շրջանակին մէջ։

Փոխ-վարչապետը յայտնեց նաեւ, որ հայկական կողմը հաւատարիմ եղած է ու կը շարունակէ մնալ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու բոլոր կէտերու կատարման։ «Եւ այս իմաստով տարածաշրջանէ ներս խաղաղ զարգացման փուլ դուրս գալու, իրավիճակը լիցքաթափելու համար անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճան շինիչ դիրքորոշում մը որդեգրէ, հրաժարի ակրեսիւ հռետորաբանութենէ եւ թշնամական գործողութիւններու քաղաքականութենէ», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Մհեր Գրիգորեան ժողովի ընթացքին բացատրեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ կացինահարել ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Պաքուի կողմէ կը խեղաթիւրուին եռակողմանի համաձայնութիւններու դրոյթները։ «Ատրպէյճան կ՚ուռճացնէ միջանցքի գաղափարը՝ բարձրաձայնելով ուժի կիրառման սպառնալիքներ», շեշտեց Մհեր Գրիգորեան, որ վիճակագրական տեղեկութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներուն վերաբերեալ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021