ԲԵՐԱՅԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ. «ՓԱՐԱՃԱՆՈՎ՝ ՍԱՐԳԻՍԻ ՀԵՏ»

Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ հայ մեծանուն արուեստագէտ Սերկէյ Փարաճանովի ժառանգութեան վերաբերեալ ցուցահանդէս մը։ Բառին բուն իմաստով աննկարագրելի ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ կոչուած է՝ «Փարաճանով՝ Սարգիսի հետ»։ Սերկէյ Փարաճանովի գործերը գեղարուեստասէրներուն կը մատուցուի արդի արուեստի հեղինակաւոր անուններէն Սարգիս Զապունեանի ստեղծագործութիւններուն հետ։ Բերայի թանգարանի երդիքին տակ կազմակերպուած է այս ցուցահանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ թանգարանը կը գործէ «Սունա եւ Ինան Քըրաչ» հիմնարկի հովանաւորութեան ներքեւ։ Իսթանպուլի եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ բացուած է Սերկէյ Փարաճանովի ցուցահանդէս մը։ Պիւլէնտ Էրքմենի մտայղացումով ձեւաւորուած է այս ծրագիրը՝ Բերայի թանգարանի եւ Երեւանի Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի համագործակցութեամբ։ Ցայսօր աշխարհի բոլոր կողմերուն աւելի քան երեսուն քաղաքի մէջ ներկայացուած են Սերկէյ Փա-րաճանովի ստեղծագործութիւնները։ Իր թողած վիթխարի ժառանգութեան նմոյշներու ճոխութեան առումով ներկայ ցուցահանդէսը ցայսօր արտասահմանի մէջ կազմակերպուած մեծագոյնը ըլլալու առանձնայատկութիւնը ունի։ Անշուշտ, Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան եւս անփոխարինելի աշխատանք տարած է՝ որպէսզի Փարաճանովի ժառանգութիւնը ամբողջական ու կատարեալ ձեւով ցոլանայ յաչս գեղարուեստասէրներուն։

Ցուցահանդէսի ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էին այն դրուագները, որոնք նկարահանուած էին Սերկէյ Փարաճանովի Իսթանպուլ այցելութեան ժամանակ՝ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ոսպնեակով կամ անոր հետ։

Երէկ երեկոյեան, Բերայի թանգարանին մէջ «Փարաճանով՝ Սարգիսի հետ» ցուցահանդէսի բացման առթիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Դիւանագիտական, հասարակական, մտաւորական, գործարար եւ գեղարուեստական շրջանակներէ բազում յայտնի դէմքեր մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ներկաները ջերմօրէն զրուցեցին  ցուցահանդէսի՝ խորապէս տպաւորիչ ու ներգործող մթնոլորտին մէջ։ Հիւրերու շարքին էին Զաւէն Սարգսեան եւ Երեւանէն փութացած այլ դէմքեր։ Իսթանպուլի Հետազօտութիւններու կաճառի տնօրէն Էօզալփ Պիրոլ եւս ներկաներու շարքին էր։ Հարկ է նշել, որ Փերայի թանգարանը կը գործէ այդ հովանոցին ներքեւ։ Երէկուան ընդունելութեան ընթացքին Պատրիարքական Աթոռն ալ ներկայացուց լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 17 մարտ 2019 թուականը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018