ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ ԵՓՐԱՏԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ թուրք զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն գործողութիւններու պիտի ձեռնարկեն Եփրատի արեւելքին։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, նախագահ Էրտողանի այս յայտարարութեան զուգահեռ բանակը սկսաւ կուտակումներ կատարել Սուրիոյ սահմանին վրայ։ Սահմանի Քիլիսի հատուածէն դէպի Եփրատի արեւելքը սկսան ուղարկուիլ հրասայլեր եւ թնդանօթներ։ Քիլիսի Էլպէյլի գաւառակէն այդ բոլորը ուղղուեցան միանալու դէպի Եփրատի արեւելքի միաւորները։

Յառաջիկայ գործողութիւններու թիրախը պիտի հանդիսանայ ՓՔՔ-ՓԵՏ-ն, որու տարրերը տեղակայուած են Եփրատի արեւելքին եւ այս հանգամանքը երկար ժամանակէ ի վեր տեղի կու տայ Թուրքիոյ անհանգստութեան։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ անթոյլատրելի է ՓՔՔ-ԵՓԿ-ական ահաբեկիչներու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ մարզուիլը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018