ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀԻՒՐԵՐ

Այս օրերուն Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն խումբ մը սաներ եւ ուսուցիչներ կ՚այցելեն քաղաքս։ Այս այցելութեան ընթացքին Երեւանէն եկած աշակերտներն ու կրթական մշակները կ՚անցընեն յատկանշական օրեր՝ մեր համայնքէն ներս ըլլալով ողջունելի հիւրեր։ Միեւնոյն ժամանակ անոնց այցելութիւնը յատկանշական է նաեւ պոլսահայ իրականութեան տեսակէտէ։

Մօտաւոր անցեալին համայնքային զանազան վարժարաններէ աշակերտական խումբեր դէպի Երեւան ուղեւորութիւններու ընթացքին այցելած էին «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիր։ Ուստի, ներկայիս այդ դպրոցի փոխադարձ այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ դէպի Իսթանպուլ։ Միջնակարգի եւ լիսէի աշակերտներէ բաղկացեալ խառն խումբ մը եկած է քաղաքս։ Միջնակարգի աշակերտները կը հիւրընկալուին Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներու բնակարաններուն մէջ, իսկ լիսէականները՝ Կեդրոնական վարժարանի սաներու բնակարաններէն ներս։ Այս հանգամանքը արդէն ինքնին կարեւոր է նոր սերունդի միջեւ հաղորդակցութեան կամուրջներ կառուցելու, փոխադարձ ճանաչման առիթներ ընձեռելու տեսակէտէ։ Սա նաեւ կրթական մշակներու միջեւ անմիջական կապ մը հաստատելու եւ մարդկային շփումները նաեւ փորձառութեան փոխանակման վերածելու առիթ մըն է։

«Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրէն փութացած տղաքը եւ իրենց ուսուցիչները ջերմօրէն կը հիւրընկալուին մեր համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Անոնք մէկ կողմէ հաղորդ կը դառնան հայ Պոլիսին, իսկ միւս կողմէ կ՚այցելեն քաղաքիս պատմամշակութային՝ համամարդկային նշանակութեամբ վայրերը, նաեւ ականատես կ՚ըլլան բնական գեղեցկութիւններուն։ Հիւր խումբը կեցութեան օրերուն այցելեց նաեւ Պատրիարքարան, ուր Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդութեամբ շրջայց մը կատարեց պատմական համալիրէն ներս։

Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն քաղաքս եկած խումբը այս առաւօտ այցելեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Աշակերտները ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին՝ մասնակցելով նաեւ սրբազան երգեցողութեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018