ԱՄՆ-Ի ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով 1915 թուականի դէպքերը կ՚որակուին՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Սա այն բանաձեւն է, որ անցեալ հոկտեմբերին ընդունուած էր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։ Ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ ունեցած էին հանդիպում մը եւ զուգահեռաբար՝ երեք անգամ ծերակուտականներ կասեցուցած էին այդ բանաձեւի քննարկուիլը։ Իսկ երէկ ոեւէ ծերակուտական արգելք չդրաւ քուէարկութեան։ Այսպէսով հայանպաստ այդ բանաձեւը ամերիկացի ծերակուտականներու հաւանութեան արժանացաւ միաձայնութեամբ։ Արդիւնքը տեղեկացուց դեմոկրատ ծերակուտականներէն Պոպ Մենենտէզ, որ այս բանաձեւը գլխաւոր խրախուսողներէն մին էր։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս արդիւնքին հիման վրայ շնորհակալութեան պատգամ մը հրապարակեց ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին համար։

Այժմ, թէ՛ Ներկայացուցիչներու տան եւ թէ Ծերակոյտի հաւանութեան արժանացած բանաձեւերը պիտի համատեղուին եւ պիտի ներկայացուին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վաւերացման։ Եթէ Թրամփ վեթոյի իրաւունքը օգտագործէ, ապա ԱՄՆ-ի քոնկրէսը իրաւունք ունի բանաձեւը վերստին նախագահին ուղարկելու։

Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս իրադարձութեան դէմ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ սա քաղաքական ցոյց մըն է եւ որեւէ իրաւական ուժ կամ վաւերականութիւն չունի։ «Անոնք, որոնք պատմութիւնը կ՚օգտագործեն քաղաքական նպատակներու համար՝ վախկոտներ են, որոնք իրականութիւններու հետ առերեսուիլ չեն ուզեր», ըսաւ Չավուշօղլու։

Հանրապետութեան նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն պախարակեց այս որոշումը եւ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը նեղ քաղաքական հաշիւներու առարկայ կը դարձնէ պատմութեան ծուռ ընկալումը։

Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունն ալ յայտարարեց, որ այս բանաձեւը կը վտանգէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019