ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՄԵՔԵՆԱՅ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալի ընտրութիւնը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Մեր համայնքը կ՚ողջունէ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր՝ մեր աւանդութիւններուն համաձայն պաշտօնի կոչուիլը։ Մինչ այս ընտրութիւնը լաւատեսութեամբ համակած է համայնքային կեանքը, Նորին Ամենապատուութիւնը արդէն սկսած է տնօրինութիւններ ընել՝ Պատրիարքական Աթոռի կառավարման համակարգի տարրերը յստակեցնելու համար՝ արդիւնաւէտ գործունէութեան ակնկալութեամբ։ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը արդէն յայտնի դարձուցած է նոր վարչամեքենայի դիմագիծը։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ, երէկ Պատրիարքարանի մէջ իր անդրանիկ նիստը գումարեց նորընտիր Կրօնական ժողովը։ Այս նիստէն վերջ հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը, որ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։ Ըստ զեկոյցին, յառաջիկայ շրջանին Նորին Ամենապատուութեան անմիջական գործակիցները պիտի ըլլան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որոնք պիտի բաժնեն պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը։ Այսպէս, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ընտրուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ։ Սա արդէն տրամաբանական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ Ազգային պատգամաւորական ժողովին կողմէ ամենաբարձր քուէներու արժանացած հոգեւորականը եղած է ան։ Երէկուան անդրանիկ նիստին ընթացքին իրեն վստահուած է Կրօնական ժողովի ատենապետի պաշտօնը։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ ան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել՝ որպէս Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ լուսարարապետ։ Իսկ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան երէկ ընտրուած է Կրօնական ժողովի փոխ-ատենապետ եւ միեւնոյն ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը զինքը նշանակած է պատրիարքական փոխանորդ։ Այս երկու անուններն ալ յառաջիկայ շրջանին Նորին Ամենապատուութեան կողքին պիտի ունենան կարեւոր դերակատարութիւններ։ Թէեւ տակաւին որոշ չափով վաղահաս կը համարուի նիւթի արծարծումը, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկայ շրջանին վերստին օրակարգի վրայ գայ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսացման պարագան, որովհետեւ այդ գործընթացը սառեցուած էր Պատրիարքական Աթոռի թափուր ըլլալուն պատճառով։ Հիմա որ արդէն Պոլսոյ Աթոռը ունի նոր գահակալ մը, այդ խնդիրն ալ կրնայ դարձեալ օրակարգի վրայ բերուիլ։

Կրօնական ժողովի երէկուան անդրանիկ նիստին ժամանակ ատենադպիրի պաշտօնները յանձնուած են Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանին եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանին։

Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին նաեւ, որ Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան նշանակուած է Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչը՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան միջդաւանական ու միջկրօնական նորաստեղծ գրասենեակին համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019