ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Զայիտի հետ։ Սա աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է, որովհետեւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ վարչապետի մակարդակով այցելութիւն մը կը տրուի Իսրայէլէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Ուղեւորութեան ժամկէտը միջազգային աղբիւրներուն կողմէ կը համարուի յատկանշական, որովհետեւ կը զուգադիպի տարածաշրջանէ ներս Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ թափ ստացած դիւանագիտական երթեւեկի խտացման։ Վերջին օրերուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային անվտանգութեան խորհրդականը Թեհրան այցելելով ընդունուած էր Իրանի նախագահին կողմէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021