ԲԱՐԵԲԱՍՏԻԿ ԾՆՈՒՆԴ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ եկած է Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլի երկրորդ որդին, որ անուանուած է՝

ԴԱՆԻԷԼ

Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Ուրախառիթ է մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել այս ծննդաբերութեան մասին՝ քանի որ Արեւիկ Պապայեան մեր արժէքաւոր աշխատակիցներէն մին է, որ իր գրիչով սիրաշահած է մեր ընթերցողները եւ մեր թերթի սիւնակներուն մէջ իր ներկայութիւնը իսկապէս ողջունելի եւ համակրելի կը համարուի։

Մասնագիտութեամբ թրքագէտ Արեւիկ Պապայեան Իսթանպուլ հարս գալով որոշ ժամանակ քաղաքիս մէջ ապրելէ վերջ, Երեւան վերադարձած էր ընտանիքին հետ։ Այդ շրջանին էր, որ ան սկսած էր աշխատակցիլ թերթիս։

Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք կը մաղթենք փոքրիկն Դանիէլին։ Կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքը՝ Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլը, ինչպէս նաեւ փոքրիկն Զաւէնը, որ արդէն երէց եղբայր դարձած է կրտսերի ծնունդով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021