ԹԵՔՆԻԿ ՄԵԾ ՎԵՐԱԶԻՆՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը համալրուեցաւ նոր թեքնիկ սարքաւորումներով, որոնք տրամադրուեցան Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ամբողջին մէջ Ազգային գրադարանին տրամադրուեցան նոր համակարգիչներ, նոթպուքներ, ելեկտրոնիք յիշողութեան այլ սարքեր։ Շնորհիւ այս բոլորին Ազգային գրադարանի աշխատանքը պիտի դառնայ աւելի արդիւնաւէտ։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան գործադիր տնօրէնուհի Արմինէ Յարոյեան այս կապակցութեամբ շաբաթավերջին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուին այս վերջին կարեւոր ձեռքբերումներուն շուրջ։ Աննա Չուլեան պատմեց, որ ամիսներ առաջ հանդիպած էր Լոս Անճելըսի Քաղաքային գրադարանի տնօրէնուհի Անի Պոյաճեանի հետ։ Զրուցած էին Ազգային գրադարանի խնդիրներուն շուրջ։ Հանդիպումէն քանի մը ամիս անց Չուլեան Պոյաճեանէն ստացած էր նամակ մը, ուր ան խնդրած էր ներկայացնել Ազգային գրադարանի կարիքներու ցանկը։ Աւելի վերջ ալ Պոյաճեան այդ նամակը ուղարկած էր Հայ կրթական հիմնարկութեան։

«Մեզի համար առաջնային էր մեր գրադարանի թեքնիկ վերազինումը, արդիականացումը երեք ուղղութեամբ։ Առաջինը՝ համահաւաք գրացուցակի համալրումն էր։ Թարմացման կարիք ունէին գրադարանի մշտական բաժնի համակարգիչները։ Երկրորդը՝ թուայնացումն էր։ Մօտաւորապէս տասն տարիէ ի վեր կը թուայնացուի Ազգային գրադարանի ամբողջ հայատառ, հայալեզու մամուլն ու գրականութիւնը։ Աւելցած են ծաւալները եւ աւելի արագ աշխատելու կարիք կայ։ Ուստի պէտք էին հզօր համակարգիչներ եւ թուայնացման սարքեր։ Կարեւոր էր նաեւ սպասարկումը։ Աշխոյժ առցանց սպասարկում իրականացնելու նպատակով եւս նոր համակարգիչներ պէտք էին», ըսաւ Աննա Չուլեան եւ աւելցուց, որ այս նուիրատուութիւնով իրականացուած է Ազգային գրադարանի թեքնիկ վերազինման ծրագրի 30 տոկոսը, ինչ որ կարեւոր բաժին մըն է։

Իր կարգին, Հայ կրթական հիմնարկութեան գործադիր տնօրէնուհի Արմինէ Յարոյեանն ալ յիշեցուց, որ կառոյցը ունի 75 տարուան պատմութիւն։ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ այս հիմնարկութիւնը կը զբաղի դպրոցաշինութեամբ եւ այլ հարցերով։ «Մօտաւորապէս 200 դպրոց վերանորոգուած է։ Բազմաթիւ ուսանողներու ուսման վարձքերը կը վճարուին եւ այլն։ Մեր գործունէութեան հիմքը կրթութիւնն է, որմէ անմասն չէր կրնար մնալ Ազգային գրադարանը, որ պէտք է հասանելի ըլլայ մարզերու եւ սփիւռքի մէջ։ Աւելի քան 50 միլիոն դրամ ներդրում կատարուած է», նշեց Յարոյեան՝ յոյս յայտնելով, թէ համագործակցութիւնը կ՚ըլլայ երկարատեւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021