ՊԱՔՈՒԷՆ ՄԻՇՏ ՆՈՅՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւններու մթնոլորտին մէջ Պաքու հերթական անգամ բարձրաձայնեց իր ակնկալութիւնները՝ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի սկսելուն ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին յայտարարեց, որ սահմաններու վրայ լարուածութենէ խուսափելու միակ միջոցը սահմանազատման գործընթացի սկսիլն է։ Պայրամովի պնդումով՝ Երեւան ցարդ զանազան պատճառներով թոյլ չի տար այս բանին։

«Հակառակ Ատրպէյճանի նախաձեռնած շինիչ բանակցութիւններուն՝ մենք սա չենք տեսներ միւս կողմէն։ Ցաւօք, ժամանակ առ ժամանակ սահմանին վրայ սադրանքներ կ՚իրականացուին Հայաստանի կողմէ։ Սա շատ տհաճ է։ Այդ սադրանքներու հետեւանքով մարդիկ կը զոհուին։ Հայաստան սովորաբար սադրանքները կ՚ուժեղացնէ աւելի վաղ յայտարարուած ժամկէտներէ եւ բանակցութիւններէ առաջ։ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ նման սադրանքներու դիմելով ոչինչի կը հասնի։ Սա շատ լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ։ Մենք կը համարենք, որ Հայաստան պէտք է հրաժարի նման գործողութիւններէ», յայտարարած է Պայրամով։

Վերջին շաբաթներուն սահմանին վրայ խտացած բախումներու մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ նման մօտեցումով յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021