ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՅՄԸՆ ՄՈՐՏԻՈՒԻ ՀԵՏ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, Պրիւքսէլի մէջ ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ, երէկ, Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով աւագ խորհրդական Սայմըն Մորտիուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։

Միրզոյեան եւ Մորտիու անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ նախարարը կարեւորեց խաղաղութեան գործընթացի շարունակականութեան ապահովումը։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023