ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ LLDC-Ի ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսի՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու (LLDC) նախարարական հանդիպումը։ Սա ՄԱԿ-ի հետ միասին Հայաստանի մէջ ցայսօր կազմակերպուած ամենամեծ ձեռնարկներէն մին պիտի ըլլայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարական այս հանդիպումը կը կազմակերպուի «Խթանելով հաւասար, մատչելի եւ ներառական փոխադրութեան փոխկապակցուածութիւնը՝ յանուն կայուն ու դիմացկուն տնտեսութիւններու» խորագրով։ Երեւանի վաղուան ժողովը պիտի հանդիսանայ՝ 2024 թուականի յունիսին Քիկալիի մէջ նախատեսուած LLDC-ի երրորդ համաժողովին ընդառաջ կազմակերպուելիք պաշտօնական թեմաթիք հանդիպում մը։

Վաղուան հանդիպման պիտի մասնակցին աւելի քան 30 արտասահմանեան պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին կը գտնուին LLDC-ի ներկայացուցիչներ՝ մասնաւորապէս Պոթսուանայի եւ Նեփալի արտաքին գործոց նախարարները, Զիմպապուէի, Էսուաթինի եւ Լեսոթոյի փոխադրութեան նախարարները, Մալավիի զբօսաշրջութեան նախարարը, Փարակուայի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարները, Տաճիկիստանի, Ղազախիստանի, Թիւրքմենիստանի փոխադրութեան փոխ-նախարարները։

Հաւաքին պիտի մասնակցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ. օրինակ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ եւ LLDC-ի հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ռապապ Ֆաթիմա, ՄԱԿ-ի Եւրոպական տնտեսական յանձնաժողովի գործադիր քարտուղար Թաթիանա Մոլչա, «ԹՐԱՍԵՔԱ»ի ընդհանուր քարտուղար Ասէթ Ասաւպայեւ, ինչպէս նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալը։

Տեսաուղերձներով հանդէս պիտի գան ՄԱԿ-ի Ափրիկէի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի տնտեսական ու ընկերային յանձնաժողովներու, Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութեան եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարները։

LLDC-ի Երեւանի ժողովները պիտի տեւեն երկու օր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023