1921-Ի ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանէն յաճախ կը բարձրաձայնուի, որ արտաքին քաղաքական ուղղութեան փոփոխութիւն խնդրոյ առարկայ չէ, խաղաղութեան համար 70 տոկոսնոց յոյս կայ եւ Խորհրդային ժամանակաշրջանի քարտէսներով սահմանազատման եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շնորհիւ կարելի է հասնիլ այս նպատակին։ Արդեօք սա՞ է 21-րդ դարուն Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան բանաձեւը։ «www.tert.am» կայքէջէն Արքատի Գրիգորեան վերջերս այս բոլորին կապակցութեամբ զրուցած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն, քաղաքական գործիչ Դաւիթ Շահնազարեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Կիզակէտին» խորագրեալ ծրագրէն թողարկուած այս հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ սահմանին զօրքեր չկան եւ եթէ Ալիեւ երթար Կրանատա կամ Պրիւքսէլ, 70 տոկոս հաւանականութեամբ մէկ-երկու ամսուան մէջ կարելի կ՚ըլլար խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել։ Իրօք ամէն ինչ այդքան դիւրի՞ն է։

-Փաշինեանի բացայայտումները գուցէ շատերու համար նորութիւն են, ինծի համար որեւէ նորութին չկայ։ Ըստ էութեան, ըսաւ, որ բոլոր այն պայմանները, այն ծրագիրը, որ Մոսկուան եւ Անգարան վաղուց կազմած են համատեղ, ինքը այդ մէկը պիտի իրագործէ։

-Անքլաւներէն սկսինք այդ պարագային։ Բոլորը անոր մէ՞ջ է։ Ես ճի՞շդ կը հասկնամ։

-Ինքը ըսաւ, որ ութ անքլաւները պիտի յանձնէ։ Ինքը ըսաւ մեր ութ գիւղերուն պատկանող տարածքներ կան։ Անոնք բնակավայրեր չեն։ Հիւսիսին ըսաւ։ Բայց ինքը ըսաւ, որ այդ ութ անքլաւները ինք պիտի յանձնէ։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ մեր քաղաքական դաշտը, մինչ այդ, ըստ էութեան, համակերպուած էր երեք անքլաւէ, հինգ անքլաւէ, ութ անքլաւէ, տասն անքլաւէ… թողենք։ Միւսը, ինքը ըսաւ, որ երկաթուղին պիտի բացուի Մեղրիով։ Բաց աստի, ինք յայտնեց, որ այն միջանցքները, որոնք Թուրքիան եւ արդէն Ռուսաստանն ալ կ՚անուանեն Զանգեզուրի միջանցք, այդ մէկը նոյնպէս պիտի բացուի։

-Ռուսաստանը չըսա՞ւ՝ Մեղրիի երթուղի, կրնա՞յ բան մը փոխուիլ։

-Ռուսաստան նաեւ օգտագործած է Զանգեզուրի միջանցքներու արտայայտութիւնը։ Ի հարկէ, ան վերջերս այդ մէկը սկսած է օգտագործել։ Բայց ես կը նկատեմ պաշտօնատար անձեր, արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այսինքն ամբողջապէս կ՚ընդունի ռուս-թրքական այն ծրագիրը, որ վաղուց կազմուած էր տարիներ առաջ։ Այս մասին բազմիցս խօսած եմ մամուլով, ձեր հաղորդումներու ժամանակ քանի մը ամիս առաջ այդ մասին խօսեցայ։ Եւ ինքը յայտարարեց, որ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ։

-Շատերս այդ հարցը կու տայինք։

-Այսինքն ամբողջութեամբ կ՚ընդունուին, կը կրկնեմ, Փութին-Էրտողան ծրագրերը՝ կապուած Հարաւային Կովկասի հետ։

-Սա ընդհանուր։ Եկէք կարճ կէտերով ընթանանք այդ պարագային։ Նոյն այդ ձեր ըսած ութ տարածքներու, ո՛չ թէ անքլաւներու, որ մեր ութ գիւղերու տարածքներ են, ինքը հիմնաւորում բերաւ, որ մի գուցէ յոյս ունի, թէ Ալիեւ այսպէս ըսենք, լաւ ի վերջոյ առէք ինչ կայ ձեր սահմանին ձեզի, ինչ կայ մեր սահմանին մեզի…։

-Ի՞նչ կայ այստեղ։

-Այսինքն Ալիեւը կը յոգնի եւ չ՚ուզե՞ր…

-Կը ներէք, թէեւ ճիշդ ոճը չէ, բայց այդ յիմար պատճառաբանութիւնները եկէք չքննարկենք։ Փաշինեանը իշխանութեան բերուած է Մոսկուայի կողմէ 2018 թուականին, արդէն որեւէ կասկած ոեւէ մէկու մօտ չի յարուցեր եւ, ըստ էութեան, իր իշխանութեան ամբողջ ընթացքին անշեղօրէն կատարած է Քրեմլինէն ստացուած ցուցմունքները։ Անհրաժեշտ պահերուն, երբ Ռուսաստանը պէտք է գործողութիւններ ընէր Արցախի դէմ, Հայաստանի դէմ, ան նախօրօք կը ստանար հրահանգ, կ՚ընդունէր այսպէս կոչուած արեւմտամէտ կեցուածք, որպէսզի Ռուսաստան կարողանայ արդարացումներ ունենալ իր՝ այսպէս կոչուած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած արարքներու համար։ Եւ հիմա արդէն բաց քարտերով ինք սկսաւ խաղալ եւ արդէն կը մօտենան այն կէտին, ուր արդէն Հայաստանը պէտք է մասնատուի բառին բուն իմաստով, ինքը տեղի տայ։ Փաստօրէն ան ամբողջութեամբ յայտարարեց։

-Իր շահը ո՞րն է։ Մասնատուած Հայաստանը Ռուսաստանի ինչի՞ն պէտք է։

-Կը կրկնեմ՝ ինքը կը կատարէ Քրեմլինի հրահանգները։

-Փաշինեանին չէ, Քրեմլինի ինչի՞ն պէտք է մասնատուած Հայաստանը։ Եթէ մինչեւ երեսուն տարի չմասնատուածը իր դաշնակիցն էր։

-Ուրեմն, եթէ սկիզբին՝ նկատի ունիմ ռուս-թրքական այս համաձայնութիւնները մեր հաշուին՝ նկատի ունիմ Արցախի եւ Հայաստանի հաշուոյն, կը կարծեմ՝ անոնք այս պայմանաւորուածութիւնները, այս ընդհանուր ծրագիրը ուրուագծած են ամենաուշը 2014-2015 թուականներուն եւ եթէ այդ ժամանակ սա իսկապէս այդ մեծ խաղին մէջ Թուրքիոյ երազանքի իրականացումն էր թուրանական միջանցքի, որ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր Թուրքիոյ երազանքը եղած է, ապա հիմա անկէ շատ աւելի շահագրգռուած է նոյնիսկ Ռուսաստանը, իսկ Ատրպէյճանը՝ որպէս կցորդ։ Այսօրուայ Ռուսաստանի վիճակը՝ կապուած Ուքրայնայի պատերազմին հետ, ես նկատի ունիմ ռուսական բռնութիւնը, որ Ուքրայնայի դէմ գործուեցաւ, Ռուսաստանի դէմ կիրառուած է շուրջ 15 հազար պատժամիջոց։ Բազմիցս գրուած է, որ պատմութեան մէջ նման պատժամիջոցներ ընդհանրապէս երբեք չեն եղած։ Եւ ամենածանր պատժամիջոցները թեքնոլոժիք պատժամիջոցներ են առաջին հերթին, միւս ընդհանուր քաղաքական մեկուսացումէն եւ այլն չեմ խօսիր։ Եւ, այսպէս կոչուած, զուգահեռ իբր թէ ինչի մասին Ռուսաստան կը խօսի, աշխարհը կը խօսի, զուգահեռ իբր թէ Ռուսաստանի հիմնական ճանապարհը Թուրքիայով է, աւելի քան 80 տոկոսը։ Ռուսաստան նաեւ շատ լաւ կը հասկնայ, որ եթէ ինչ-որ հրաշքով ենթադրենք, ինչ-որ փաստաթուղթ կնքուեցաւ Ուքրայնայի հարցով, կապ չունի ինչ փաստաթուղթ կ՚ըլլայ, եկէք չխորանանք անոր մէջ, ապա այս պատժամիջոցներու 85-90 տոկոսը առնուազն մէկ-երկու սերունդ դեռ կը մնայ Ռուսաստանի վրայ։ Առնուազն։ Ուստի այս զուգահեռ ներմուծման հարցը կը դառնայ Ռուսաստանի համար ուղղակի կենսական, ռազմավարական խնդիր՝ նաեւ հաշուի առնելով, որ Սեւ ծովու իրավիճակը կտրուկ փոխուած է։ Ես նկատի ունիմ, որ, ըստ էութեան, Ռուսաստանի սեւծովեան նաւատորմի հրամանատարութիւնը Խրիմի մէջ, ըստ էութեան, ոչնչացուեցաւ ֆիզիքապէս Ուքրայնայի կողմէ։ Եւ Նովորոսիսքի նաւահանգիստով որեւէ առաքում իրականացնելու համար այդ նաւահանգիստի հզօրութիւնը առնուազն 5-10 անգամ պէտք է մեծ ըլլայ։ Չ՚աշխատիր Սեւ ծովու հետ ամէն ինչը։ Իսկ Ռուսաստանին պէտք է Թուրքիայէն Ատրպէյճանով ստանալ այդ, ինչպէս կ՚ըսեն, իբր թէ զուգահեռ ներմուծումը հիմա։

-Մենք անոր հետ ուղղակի կապ ունի՞նք։ Մեր տարածքո՞վ նկատի ունիք։

-Այո՛, որովհետեւ Վրաստանով այդ մէկը վստահելի չէ Ռուսաստանի համար։ Այսինքն, բոլոր միջանցքները պէտք է անցնին Ռուսաստանի համար վստահելի տարածքներով՝ Թուրքիա, Հայաստան, Ատրպէյճան։ Սա ուղղակիօրէն կենսական խնդիր է Ռուսաստանի համար հիմա եւ ան կը համարէ, որ այդ մէկը ռազմավարական խնդիր է, ինչպէս ըսի, որովհետեւ այս պատժամիջոցները առնուազն մէկ-երկու սերունդ կը մնան Ռուսաստանի վրայ։ Եւ հիմա Ռուսաստան շատ աւելի շահագրգռուած է, որ այս պահուն այդ մէկը տեղի ունենայ եւ Թուրքիոյ յաւերժական շահագրգռուածութիւնը կայ եւ կ՚իրականանայ այդ ամէնը, որու մասին չեն զլանար արդէն բացէ ի բաց խօսիլ։ Որպէս օրինակ՝ այդ մասին խօսեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կալուզին եւ այնտեղ, գիտէք, իր հարցազրոյցին մէջ՝ ծաւալուն հարցազրոյց է, շատ հետաքրքրական կէտ մը կար։ Ինք նշեց, որ մեր մշակումներու վրայ՝ նկատի ունի եռակողմանի՝ Ռուսաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան, զոր ստորագրած են, ամէն ինչ պէտք է կատարուի այդ հիման վրայ։ Անընդհատ դարձեալ կը նշէր հաղորդակցութիւններու բացում եւ վերջաւորութեան այսպիսի արտայայտութիւն ըրաւ ինքը. եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը կ՚ուզեն որեւէ միջնորդական դեր կատարել, իրենք պէտք է ընդունին մեր մօտեցումները եւ մեր մշակումները։ Այսինքն, եթէ դուք ալ կ՚ուզէք այդ միջանցքները, եկէք միասին այդ միջանցքները բանանք, Մեղրիի երկաթուղին բանանք, այս ամէն ինչը եկէք ընենք։ Ես կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել մամուլով, որ սա մեծագոյն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնն է, որ կը կատարուի, այս ամէն ինչը տեղի կ՚ունենայ։ Եւ սա աշխարհաքաղաքական շատ աւելի մեծ թեքթոնիք փոփոխութիւն է՝ քան Ուքրայնայի մէջ 200 կամ 500 քիլօմեթրի տեղաշարժը կամ այդ ամէն ինչը։ Ես շատ վաղուց անգամ մը ըսած եմ, կ՚ուզեմ դարձեալ ըսել, սա մօտաւորապէս Փանամայի ջրանցքներու կամ Սուէզի ջրանցքներու նման աշխարհաքաղաքական խնդիր է։

-Հիմա Հայաստանը այս բոլորէն կը շահի՞, թէ կը տուժէ։ Մենք այստեղ որեւէ շահ ունի՞նք, կը պարզեմ բոլորը շահ ունին։

-Գիտէք, աշխարհի քանի մը բաւական լուրջ վերլուծական կեդրոններու մէջ հաշուարկած են, որ 2030 թուականին աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ Հայաստան պիտի չըլլայ։ Երկրորդ, Ռուսաստան-Թուրքիա այս մերձեցման փորձը մեզի ցոյց կու տայ՝ ես նկատի ունիմ 2020-2021 թուականի ռուս-թրքական պայմանագիրը, այնուհետեւ պարտադրուած հարցի պայմանագիրը, ուր Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը բաժնեն Հայաստանը, ուղղակիօրէն կը բաժնեն եւ այստեղ արդէն լուրջ հիմքեր կան մտածելու, որ ընդամէնը անոնք միջանցքներ չեն, կը պնդեմ արտերկրային։

-Բաժանող սահմաններ կրնան դառնալ։

-Խօսքը կ՚երթայ հաւանաբար նաեւ վերջնական, ես դեռ եւս չեմ գիտեր, որ Մոսկուա եւ Անգարա ապագայի համար ինչ պայմանաւորուած են, բայց լուրջ հիմքերով կրնամ ենթադրել, որ ամբողջ Սիւնիքի մասին է խօսքը։ Արդէն Ռուսաստանէն եւ Հայաստանի մէջ սկսած են խօսիլ Հայաստանի, այսպէս կոչուած, միութենական պետութիւն դառնալը։

-Միութենական պետութի՞ւն, թէ ինչպէս Փաշինեան կ՚ըսէր՝ ծայրագաւառ։ Այդ միացումէն ի՞նչ կը հասկնաք։

-Փաշինեան, այսպէս ըսած, կը կատարէ Մոսկուայի հրահանգը, որով պէտք է արեւմտամէտութիւն ցոյց տայ։

-Ա՞յդ ալ խաղ էր։

-Ի հարկէ։ Ամէն ինչն ալ եղած է խաղ։

-Կարճ ժամանակ առաջ Փութինն ալ իրեն պաշտպանած էր…

-Փութին միշտ իրեն պաշտպանած է։ Քանի որ դուք յիշեցիք Փութինի ելոյթի մասին, ամէն ինչ անոր մէջ է հիմա։ Այդտեղ Փութին բան մը ըսաւ, որ ցաւօք սրտի մեր մամուլը ծանր հարցին ընդհանրապէս ուշադրութիւն չդարձուց։ Այդ շրջանները՝ նկատի ունի Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի Հանրապետութեան, որ ես միշտ անուանած եմ անվտանգութեան գօտի, այդ գործողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է իրականացնէր, ո՛չ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը։ Ուշադրութիւն դարձուցէք։ Այդ հարցումին կը պատասխանէր, սա դեռ սկիզբին ըսաւ։ Այս մասին ես արդէն խօսած եմ եւ անգամ մը եւս խօսելու չեմ զլանար։ Ատրպէյճան արդէն բացայայտօրէն բազմիցս յայտարարած է, որ զայն բռնագրաւած է Հայաստանը եւ Հայաստանը այս բանին համար պէտք է հատուցում վճարէ։ Փութին հաստատեց այդ դիրքորոշումը։ Խնդրեմ դարձեալ ուշադրութիւն դարձուցէք, անգամ մըն ալ լսեցէք այդ հատուածը։ Այստեղ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ընդհանրապէս, գիտէք ինչ, Ռուսաստանի նախագահի այդ ելոյթի Հայաստանի վերաբերեալ գրեթէ բոլոր թեզերը ըստ էութեան, իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին, ինչպէս նաեւ այս թեզը։ Պատերազմներուն միշտ, սկսած է Ատրպէյճանը, բոլորին, բայց Հայաստանի իշխանութիւնը այս մասին չի խօսիր, Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս մասին չի խօսիր, թէեւ երբ իշխանութիւն էին, այդ մասին միշտ կը խօսէին։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1993 թուականին ընդունած չորս բանաձեւերուն մէջ յստակ նշուած է, որ սա կատարուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի կողմէ եւ այդ չորս բանաձեւերուն մէջ Հայաստանի վերաբերեալ ընդամէնը մէկ կէտ կայ։ Ընդամէնը մէկ կէտ, ուր կոչ կ՚ընեն Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ օգտագործել իրենց ազդեցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն վրայ։ Եւ սա այսինքն Ռուսաստանը պաշտօնապէս միացաւ ապակայուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուելիք այդ պահանջներուն եւ հատուցումներուն՝ ինչպէս կ՚ըսէ։

-Շատ ուշագրաւ բան մը ըսիք բաժանման մասին։ Դուք աշխարհագրօրէն կը պատկերացնէ՞ք բաժանում կոչուածը, այսինքն, Հայաստանի այն մասը, որ Ռուսաստանին կը յանձնուի, այսինքն կը դառնայ միութենական պետութիւն, այդ ո՞ր մասն է։ Բաժանում ըսելով պէտք է ազդեցութեա՞ն գօտիներու բաժանում հասկնանք։

-Գիտէք ինչ է՝ միութենական պետութիւն, յամենայնդէպս, սկսած է արդէն Ռուսաստանը այդ մէկուն, բայց եկէք յստակ բան մըն ալ հասկնանք, շատ յստակ է, որ Ռուսաստանի ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ժամանակաւոր է արդէն։ Այդ հաշուարկի ժամանակացոյցը արդէն միացուած է։ Այդ մասին նոյնիսկ կարգ մը ռուս վերլուծաբաններ վաղուց գրած են։ Ռուսաստնի մէջ թէեւ շատ քիչ են, բայց անոնք Քրեմլինի ազդեցութեան տակ չեն։ Միւս կողմէ, անգամ մըն ալ կ՚ուզեմ նշել՝ մամուլով ըսել, թէ այն ինչ որ Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը իրականացուցին Արցախի Հանրապետութեան մէջ, այսինքն էթնիք զտումը, այդ մէկը ուղղակի որեւէ բան չտուաւ Ռուսաստանին, այսպէս ըսած, երկարատեւ մնալու համար Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ես չեմ ուզեր անդրադառնալ Փութինի այդ ելոյթին, ուր այդ էթնիք զտումները ինքը անուանեց Ատրպէյճանի կողմէ սահմանադրական կարգի վերականգնում։ Չեմ ուզեր անդրադառնալ, որ գիտէք այս իշխանութիւնը խարանելու տեղ չկայ, Հայաստանի այս իշխանութեան վրայ, որ ամբողջովին կը սպասարկէր Ռուսաստանի շահերուն, բայց անընդհատ կը մեղադրէի, որ ինքը ճանչցած է Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախը։ Ռուսաստանը, անձամբ Փութինը այս մէկը կատարած է 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի փաստաթուղթը ստորագրելէ անմիջապէս յետոյ։ Բաց աստի, ամրագրուած է նաեւ 2022 թուականի փետրուարի 22-ին Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած այդ ռազմավարական, այսպէս կոչուած, դաշինքով, որու մասին Ալիեւ Փաթրուշեւի հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ, որ այդ փաստաթուղթը, զոր կնքեցինք, մեր ռազմավարական դաշնակցութիւնը այս ընթացքին արդէն ապացուցուեցաւ։

-Եթէ պիտի երթայ, ինչպէ՞ս մեզ պիտի ներքաշէ իր մէջ, եթէ Ռուսաստանը վաղ թէ ուշ պիտի երթայ։

-Բայց ո՞վ ըսաւ այդ մէկը։ Եթէ վաղ թէ ուշ պիտի երթայ, պիտի յանձնէ Թուրքիոյ…

-Այդ դատարկ տեղը Թուրքիա՞ն կը զբաղեցնէ, թէ Ֆրանսան։

-Եկէք այդ մասին խօսինք։ Ի միջի այլոց, քանի որ ես ըսի Ալիեւի Փաթրուշեւի հետ հանդիպման մասին, ես համոզուած եմ, թէեւ առայժմ փաստեր չունիմ, որ Փաթրուշեւը Պաքուի մէջ հաստատ հանդիպած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ Շուշիի մէջ էր եւ հերթական անգամ ժամացոյցն ալ այսպէս ըսած շտկելու համար մեր հարցերով։ Գիտէք, Փութինի այդ ելոյթը բաւական ուշագրաւ է, Կալուզինի հարցազրոյցը նոյնպէս, արդէն բաց քարտերով սկսած են խաղալ եւ, ըստ էութեան, ռուս-թրքական ծրագիրը կ՚իրականացուի ո՛չ միայն Հայաստանի իշխանութեան, Քրեմլինի կողմէ նշանակուած իշխանութեան, այլեւ փաստացի անոր ամբողջովին կը նպաստէ Հայաստանի ընդդիմութիւնը։

-Ինչպէ՞ս։

-Երեք տարիէ ի վեր անոնք նոյն ծրագրով հանդէս կու գան, ինչպէս իշխանութիւնը։ Դուք լսա՞ծ էք, որ ընդդիմութիւնը յայտարարէ, թէ ոչ մէկ միջանցք կ՚ըլլայ։ Բոլորի պաշտօնական յայտարարութիւնն է, որ ոչ մէկ ճանապարհ կ՚ըլլայ, անքլաւներ չեն ըլլար եւ ընդհանրապէս կը մերժեն, բացարձակապէս։ Այսինքն, իշխանութիւնն ու ընդդմիութիւնը կը շարունակեն սպասարկել ռուս-թրքական ծրագրերուն։ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի այդպիսի քաղաքական ուժ մը, որ առաջնորդուի բացարձակապէս Հայաստանի եւ Արցախի շահերով։

-Փակուղիի՞ մէջ ենք։ Ո՞վ զայն դէմը կ՚առնէ, Արեւմուտքը՞։

-Ուրեմն, քանի դեռ Հայաստանի մէջ չկայ քաղաքական ուժ մը, որ առաջնորդուի հայկական պետական եւ ազգային շահերով, մենք որո՞ւ վրայ կրնանք յոյս դնել։ Եթէ գոյութիւն չունի մեր շահերուն սպասարկող այդ ուժը, մենք ոեւէ մէկու վրայ յոյս չենք կրնար դնել այս իրավիճակին մէջ։

(…)

-Այլընտրանք կա՞ր։

-Գիտէք ինչ, եթէ դուք կ՚առաջնորդուիք օտարի եւ թշնամիի շահերով, այլընտրանքը ո՞րն է։ Հայաստանի մէջ այս հինգ տարուան ընթացքին, առաւել եւս պատերազմէն յետոյ պայքար չձեւաւորուեցաւ. պայքար՝ յանուն Հայաստանի։ Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը Փաշինեանը կը մեղադրէին, թէ ան արեւմտամէտ է, ռուսամէտ չէ։ Եւ գիտէք, այնքան ժամանակավրէպ են այն փաստարկները, երբ կը փորձեն Թուրքիան Ռուսաստանէն բաժնել։ Կ՚ըսեն, որ ան կը սպասարկէ Թուրքիոյ շահերուն ընդդէմ Ռուսաստանի։

-Ռուսաստան կը համարէ, որ Թուրքիան կայ ի դէմս ՆԱԹՕ-ի։

-Սա յիմարութիւն է։ Հիմա, ձեր հարցին այդ բանաձեւը տուած եմ մամուլով, որ երբ Ռուսաստանը այս տարածաշրջանէն երթայ, այդ մէկը չկայ առայժմ, որ այդ ճնշումը պէտք չէ լծուի Թուրքիոյ կողմէ։ Բայց թէ՛ իշխանութիւնը արդէն բացայայտուած ելոյթով եւ թէ ընդդիմութիւնը ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի այստեղ Թուրքիայէն, Ռուսաստանէն բացի ուրիշ ուժ չըլլայ։

-Ռուսաստանը կը հասկնամ, բայց Թուրքիան չեմ հասկնար։

-Եթէ փորձէք Թուրքիան Ռուսաստանէն տարանջատել այս տարածաշրջանին մէջ, այդ մէկը նոյն բանն է։

-Կարո՞ղ է մարտավարական ըլլայ։

-Եկէք, լաւ կ՚ըլլայ թողենք։ Այս ընդդիմութեան համար ալ, իշխանութեան համար ալ Ռուսաստանի շահերը կը գերակայեն Հայաստանի շահերուն եւ Արցախի շահերուն։ Սա փաստ է։ Ես այդ հարցման պատասխանեցի։ Քանի մեր ուժը չկայ, քանի քաղաքական ուժ չկայ, որ կ՚առաջնորդուի մեր ազգային շահերով եւ որ կը ստորադասէ թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Արեւմուտքի շահերը, ապա մենք որեւէ գործընկեր այստեղ չենք կրնար ունենալ։ Հիմա տեսէք, Փաշինեանը իր ամբողջ, ուրեմն արդէն վեցերորդ տարին է իշխանութեան գլուխը, այդ ընթացքին միայն անգամ մըն է, որ չէ կատարած, դէմ կանգնած է Մոսկուայէն ստացած հրահանգներուն։ Երբ եւրոպական դիտորդներ բերես տարածաշրջան, միայն սա, մնացածը միշտ հրահանգ ստացած է։

-Այսինքն միայն արեւմտամէտ եղիր…

-Մենք կ՚ըսենք։ Մենք կ՚ըսենք։ Հիմա արեւմտամէտ եղիր, որովհետեւ մենք պիտի իրականացնենք մեր ծրագրերը։ Հիմա, ըստ էութեան, քանի որ Արցախի հարցը կը համարեն փակուած, արդէն արագօրէն պիտի իրականացնեն այս ծրագիրը՝ Սիւնիքի ծրագիրն է այդ մէկը ամբողջապէս։ Եւ ամէն ինչ կատարուած է իշխանութեան դէմ ընդդիմութեան կողմէ, որպէսզի այստեղ արեւմտեան որեւէ ուժ իր ներկայութիւնը չունենայ եւ դուրս մղուի։ Ի հարկէ, Փաշինեանի խաղերը արդէն բացատրեցի։ Հիմա, ես այնուամենայնիւ կը շարունակեմ վստահ ըլլալ, որ Սիւնիքը վերցնել պիտի չստացուի։ Ուրիշ հանգամանք մը, այդ կարեւոր է։

-Ո՞վ չի թողուր, այդ ալ կ՚ըսէ՞ք։

-Գիտէք, այսօրուայ աշխարհի մէջ ամէն ինչ այնքան փոխուած է, այնքան ամէն ինչ արագ կը փոխուի, որ սա, աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն նշանակութեամբ այս ծրագիրը, որ ո՛չ միայն հակահայկական է, թողենք, սա թուրանա-ռուսական միջանցքներու հարցն է։ Անոնք Ռուսաստանի համար կենսական անհրաժեշտութիւն են։ Այնուամենայնիւ, աշխարհ՝ այնքան ալ դիւրին պիտի չմարսէ այս մէկը։ Գրեթէ վստահ եմ, թէ այդ միջանցքները պիտի չըլլան, ի հարկէ այստեղ մեզմէ անկախ պարագայով։ Կեդրոնանանք այլ կարեւոր հանգամանքի՝ «3+3» բանաձեւին վրայ։ Նոյնիսկ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով հանդիպումը տեղի ունեցած էր առանց Վրաստանի, եթէ կը յիշէք։ Հիմա յառաջ քշուած է այդ նիւթը։

-Իրենք ալ ըսին՝ դէմ չենք։

-Ի հարկէ, դէմ չեն, բացի անկէ ի՞նչ կատարուեցաւ այս ընթացքին։ Ալիեւ գնաց Թիֆլիզ։ Վրաստանը դէմ էր անոնց, բայց հիմա չեմ ուզեր կանգնիլ Վրաստանի ներքին եւ արտաքին այդ խնդիրներուն վրայ։ Ակնյայտ է, որ Արեւմուտքը խիստ դժգոհ է Վրաստանէն եւ Ալիեւի այցի ընթացքին Վրաստանի, ուրեմն, ըստ էութեան, ղեկավարը, վարչապետը յայտարարեց, որ բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին տարածաշրջանային ձեւաչափով։ Այսինքն միարժէքօրէն Վրաստան համաձայնեցաւ այդ «3+3» ձեւաչափին։ Թէ ինչպէ՞ս սա կ՚անդրադառնայ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի Վրաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, այդ ալ թողենք։ Երկրորդ՝ բուռն հանդիպումներ եղան նաեւ Իրանի հետ եւ, ըստ էութեան, Իրանը, կարծես թէ Էրտողանն ալ յայտարարեց, համոզած են, թէ այդ միջանցքները պէտք է ըլլան։ Եւ այդ «3+3» ձեւաչափը բացառապէս Արեւմուտքի կամ որեւէ այլ ուժի ներկայութիւն չհանդուրժելու ձեւաչափ է այս տարածաշրջանին մէջ։ Այսինքն, ինչպէս կ՚ըսեն Ռուսաստանի բարձր շրջանակները՝ ռուս-թրքական… Դարձեալ կ՚ուզեմ պահ մը անդրադառնալ Ռուսաստանի նախագահի ելոյթին, ուր ըսաւ, որ իրենց խաղաղապահները զոհուած են արցախցիները պաշտպանելով, ինչ որ բացարձակապէս իրականութիւն չէ, իրականութեան հետ որեւէ առընչութիւն չունի։ Խաղաղապահները գնդակահարուած են (…) յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման կողմէ, այս մասին մամուլով արդէն յայտարարած եմ, սա երկրորդ անգամ կը կրկնեմ ամենայն պատասխանատուութեամբ։ Եւ անոնք գնդակահարուած են այդ Կաշենի հանքավայրին մօտ։ Կաշենի հանքավայրը Ռուսաստանի քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս առանցքային դեր խաղացած է՝ կապուած Արցախի հետ։ Եւ կ՚ուզէի աւելցնել, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմավարական սխալ գործած ենք՝ մեր Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան այս ընթացքին, աւելի քան երեսուն տարի՝ որ մենք մեր անվտանգութիւնը կապած ենք Ռուսաստանի, այսինքն ընդհանրապէս մէկ աշխարհաքաղաքական կեդրոնի հետ, որ արդէն աշխարհաքաղաքական կեդրոն ալ չէ, տարածաշրջանային կեդրոն է։ Վերջերս կարծեմ Փաշինեանը նոյն նախադասութիւնը կրկնեց, բայց այդ ամէն ինչը ամբողջապէս հերքեց։ Գիտէք, այսօր Հայաստանի մէջ մենք ընդհանրապէս անվտանգութեան համակարգ չունինք, Փաշինեան ամէն ինչ ամբողջապէս ոչնչացուց։ Մենք ժամանակին ունեցած ենք, ի հարկէ ոչ կատարեալ, բայց անվտանգութեան համակարգ, ունեցած ենք մշակումներ, կապեր եղած են, Հայաստանի մէջ եղած են այն կեդրոնները, որոնք կապեր ունեցած են միջազգային լուրջ կեդրոններու հետ։ Գիտէք, անվտանգութեան համակարգը ի՞նչ կը նշանակէ, շատ կարճ ըսեմ, որ պէտք է ունենալ այն սպառնալիքներու հակազդեցութիւնները՝ մինչեւ այդ սպառնալիքներու առաջացումը, իտէալական պարագային, պէտք է ունենալ այն պատասխանները հակառակորդի այն ծրագրերուն, մինչեւ հակառակորդի կողմէ այդ ծրագրերու մասին մտածելը։ Մենք այսօր բացարձակապէս ոչինչ ունինք եւ ուղղակի առնուազն յիմարութիւն է, առնուազն, ինչ որ Փաշինեան ըսաւ, ինչ-որ փաստաթուղթով խաղաղութիւն ստաորագրելը։ Խաղաղութիւն ալ պիտի չըլլայ թուղթերով։ Խաղաղութիւնը ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան արդիւնք է, ոչ թէ ինչ-որ փաստաթուղթի։

-Իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը կը ճանչնանք, սահմանագծումը կ՚ընենք Խորհրդային քարտէսներով։ Ի դէպ, խնդրեմ աւարտենք այդ մասով, կ՚ըսէր երկուորեակ է իրենց 86 հազար 600-ը եւ 29 հազար 800-ը, մէկը միւսով ճանչնանք։ Բայց նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ալիեւը չի ճանչնար։ Ինչու սա կը հարցնեմ. դարձեալ ձեր ըսած ռուս-թրքական ուժերը չեն թողուր ճանչնալ Ալիեւը։

-Կարդացա՞ծ էք Շուշիի հռչակագիրը, օրինակ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կնքեցին։ Կը հասկնաք, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին այս տարածաշրջանի մէջ Հայաստան պետութիւն պէտք չէ, պէտք չէ ըլլայ այդ մէկը։

-Ռուսաստանի՞ն ալ պէտք չէ։

-Ռուսաստանն ալ եթէ դուրս գայ այստեղէն, Ռուսաստանին ալ պէտք պիտի չըլլայ։

-Անոր համար չեն ճանչնար։

-Ի՞նչը ճանչցած են։ Պարզ օրինակ բերենք։ Արեւմտեան բոլոր պետութիւնները՝ յատկապէս կազմակերպութիւնները, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Եւրոմիութիւնը, Հայաստանի մասին խօսելու ժամանակ միշտ կ՚ըսեն, որ իրենք պէտք է պաշտպանեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։

-Կրանատայի մէջ ալ ըսին։

-Միշտ, գրեթէ բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ։ Կրնա՞ք ինծի յիշեցնել, որ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը, սա հեգնանքով կ՚ըսեմ, ի հարկէ, դաշնակիցը անգամ մը ձեզ յայտարարած ըլլայ։ Յիշեցուցէ՛ք ինծի։

-Արձանագրուած էին յայտնի պայմանագրի մէջ։

-1997 թուականէն սկսած, գիտէք, այդ պայմանագրերը գոյութիւն չեն ունեցած։ Այդ պայմանագրերը թան ըրէք խմեցէք։ Լսա՞ծ էք, որ անոնց մասին անգամ մը խօսուած ըլլայ Ռուսաստանի որեւէ պաշտօնատար անձի կամ որեւէ պետական տումայի որեւէ պատգամաւորի կողմէ։ Յիշեցուցէ՛ք ինծի։ Չկայ այդպիսի բան։

-Կրնայ ըլլալ, չեն գիտեր մեր սահմանները ուրտեղէն կ՚անցնին։ Ստիպուած են մէջբերել Փաշինեանը։

-Փաշինեանի ըսածը իր խօսոյթն է։ Իսկ Հայաստանի ոչ-քաղաքական դաշտը արդէն կը զբաղի անհեթեթութեան հասնող փաստարկներով, Ռուսաստանի փաստաբանի դերը ստանձնած է ամբողջովին։ Գիտէք, մեզ չեն կործաներ, մենք կ՚ինքնակործանուինք։ Դարձեալ կ՚ըեմ՝ Հայաստանի մէջ չկայ այնպիսի քաղաքական ուժ, թէկուզ ոչ շատ ազդեցիկ, որ առաջնորդուի բացառապէս Հայաստանի շահերով։ Չկայ այդպէս ուժ։ Սա է ամենամեծ խնդիրը, դարձեալ կ՚ըսեմ՝ մեր ուժը քանի չկայ։ Տեսէք, Ռուսաստանէն հնչած սպառնալիքները կը յիշէ՞ք, երբ Փաշինեանին հերթական անգամ ըսին հիմա արեւմտամէտ պիտի ըլլաս, ընդ որում Արցախի էթնիք զտումներու իրականացման օրերուն ըսուեցաւ, որ Ռուսաստանի մէջ աւելի շատ հայ կ՚ապրի՝ քան թէ Հայաստանի։ Սա սպառնալիք ու շանթաժ է։ Երբ 1988 թուականին սկսած էր շարժումը, Կորպաչովն ալ սպառնալիքով ըսած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ այդքան հայեր կ՚ըլլա՞ն, Սումկայիթէն յետոյ էր։ Անոնց մասին չէ՞ք մտածեր։ Եւ գիտէք ինչ, մէկ երկու խօսք կ՚ուզեմ ըսել սփիւռքի մասին։ Մենք կը տեսնենք, չէ՞, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ ի՛նչ կ՚ընէր մեր սփիւռքը, նոյնիսկ ճանապարհները փակել, տեսանք Եւրոպայի մէջ ի՛նչ կ՚ընեն, իսկ Ռուսաստանի մէջ ի՞նչ տեսանք սփիւռքէն։ Բոլոր երկիրներու մէջ սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները միշտ իրենց կառավարութեան առջեւ բարձրացուցած են ազգային խնդիրներ Հայաստանի Հանրապետութեան օգտին, ցեղասպանութեան, Արցախի, միշտ այս խնդիրները բարձրացուցած են։ Մէկ մասը լուծած են, մէկ մասը չէ, բայց սա ըրած են։ Ռուսաստանի մէջ մեր բոլոր այդ հայկական կազմակերպութիւնները ուրիշ խնդիր լուծած են՝ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը պարտադրել Հայաստանին։ Այսպէս եղած է միշտ։ Իրենք այդ խնդիրը լուծած են միշտ։ Միշտ։ Սա, ի հարկէ, բոլոր հայերուն չի վերաբերիր, բայց այդ կազմակերպութիւնները, չեմ գիտեր 400-էն աւելի կայ, միշտ սա լուծած են։ Հիմա ալ կը շարունակեն միութենական պետութիւն, դուք չէք կրնար պետականութիւն ունենալ եւ այս ամէնը։ Գիտէք, աղէտի չափերը մեր հանրութիւնը չի պատկերացներ։ Քաղաքական դաշտը եթէ կը պատկերացնէ, սա չի ներկայացներ ալ։ Այսինքն, բազմիցս ըսած եմ, անգամ մըն ալ ըսեմ։ Այն ինչ, որ 1921 թուականին եղաւ ռուս-թրքական գործարքը, որու հետեւանքով մենք տրուեցանք, սա անոր շարունակութիւնն է։

-Հարիւր տարուան…

-Այո՛, նոյնն է։ Եւ գիտէք՝ այսօրուայ Ռուսաստանը եւ Թուրքիան արդէն ինքզինքնին յայտարարած են քաղաքակիրթ աշխարհէն դուրս։ Մանաւանդ այս վերջին դէպքերը, ես նկատի ունիմ Իսրայէլ-Պաղեստինը, անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ իրենք իրենց դուրս դրած են քաղաքակիրթ աշխարհէն։ Եւ այս ծրագրին մասին մանրամասն խօսած եմ։ Իրականութեան մէջ Ռուսաստանն ու Թուրքիան այնպէս կ՚ընեն, որ ռուսական աշխարհի եւ թրքական աշխարհի, ըստ էութեան, միաւորում տեղի կ՚ունենայ, որպէսզի հանդէս գայ որպէս աշխարհաքաղաքական բեւեռ։ Կը կարծեմ՝ Արեւմուտքը արդէն սկսած է հասկնալ այս գործարքի ամբողջ վտանգաւորութիւնը եւ մեզ ալ կ՚ուզեն այստեղ ոտատակ տալ, իրարու հետ պայմանաւորուած են եւ այս բանը կ՚իրականացուի։ Հայաստանի իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը համատեղ կ՚իրականացնեն ռուս-թրքական ծրագրերը։

-Կը ցաւիմ, որ յոռետեսականօրէն կ՚աւարտենք։

-Գիտէք՝ սա իրատեսական է։ Ես երբեք յոռետես չեմ եղած։ Եւ դարձեալ կ՚ըսեմ, կ՚ըլլա՞ն այդ միջանցքները, թէ չէ, մեծ հարց է՝ որքան ալ Հայաստանի մէջ անոր կողմնակից ըլլան եւ անոր երթան, բայց այսօր մենք կը խօսինք իսկապէս ապագայ չունեցող Ռուսաստանի եւ ապագայ չունեցող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մասին՝ ռազմավարական տեսակէտէ։ Այն ինչ որ այսօր կը կատարուի Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմով, այդ մէկը օրկանապէս կապուած է մեզի հետ եւ լրիւ նոր վերաբաժանումներ արդէն ընթացքի մէջ են, այս բոլորը օրկանապէս կապուած են մեր հետ։

-Ամէն պարագայի, ախտորոշումէն պէտք է սկսիլ հարցի լուծման։ Մենք հերթական անգամ ախտորոշման փորձ կ՚ընէինք։

-Պէտք է սկսիլ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ յանուն Արցախի, Արցախի հարցը փակուած չէ, անոր համար պէտք է ձեւաւորուի լուրջ ուժ մը, ո՛չ թէ այդ բոլոր ուժերը, որոնք կը սպասարկեն մեր թշնամիներու շահերուն։

(Արեւմտահայերէնի վերածելով սղագրեց՝ ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ)

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023