ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԷՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց երկու երկիրներու զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներու՝ շուրջ ամիս մը առաջ սահմանին վրայ ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ կողմերը քննարկած են Ախուրիկ-Աքեաքա երկաթուղային անցակէտը վերանորոգելու հարցը։ Իր խօսքով՝ այս հանդիպումը տեղի ունեցած է յատուկ ներկայացուցիչներու վերջին տեսակցութեան ժամանակ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ։

Ռուբէն Ռուբինեան շեշտեց, որ թէեւ երկաթուղիի վերագործարկման թեքնիք մանրամասնութիւնները կը քննարկուին, սակայն, այդ մէկը վերագործարկելու համար քաղաքական պայմանաւորուածութիւն չկայ։ «Թէեւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւն չկայ, սակայն, կրնայ գործընթացը նաեւ հակառակը ըլլալ։ Երկու կողմերը հասկնալով եւ ըմբռնելով, որ իրենց վերջնական նպատակն է երկու երկիրներու սահմանի ամբողջական բացումը, իսկ այդպիսի ընկալում կայ, մենք նաեւ նման շփումներով կը նախապատրաստուինք այդ մէկուն», նշեց Ռուբէն Ռուբինեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024