ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Թիֆլիզի մէջ Վրաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի երեք նոր գիրքերու շնորհանդէս, նաեւ՝ Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկներու ամփոփում:

Վրաստանի մշակոյթի բաժինի աշխատակից Նանա Տոլիծէ, հաշտութեան եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Թինաթին Ղողելիան, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Վարդան Դեւրիկեան, Երեւանի Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեան, «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան Թումանեանի կեանքին եւ գործունէութեան: Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան կարեւոր նկատեց Թիֆլիզի մէջ Ամենայն Հայոց բանաստեղծի արձանին տեղադրումը՝ ընդգծելով, որ դեսպանութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները այդ ուղղութեամբ:

Սրահին մէջ ներկայացուած էին Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած երեք նոր գիրքեր: «Տասը հեքիաթ» ժողովածոն, որ կը ներառէր վրացի բանաստեղծ Իոսեպ Կրիշաշվիլիի կողմէ թարգմանուած Թումանեանի չորս հեքիաթները, որոնց վրայ աւելցած էր նաեւ վեց հեքիաթ՝ բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազարի թարգմանութեամբ: Շահնազար իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թումանեանի մեծութեան՝ կարեւոր նկատելով անոր հեքիաթներուն պարզ ու հասկնալի, խրատական, փիլիսոփայական եւ արդիական ըլլալը: Վրաստանի Գրողներու միութեան համանախագահ Մաղվալա Կոնաշվիլի մանրամասնօրէն անդրադարձաւ «Թումանեան-150» գիրքին, ուր ներառուած էին Թումանեանի չթարգմանուած քառեակները, աւելի ուշ թարգմանուած քանի մը բանաստեղծութիւններ եւ նամակներ: «Թումանեան լուսեղէնը»՝ վրացագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Հրաչեայ Բայրամեանի կողմէ կ՚ընդգրկէ Թումանեանի՝ Վրաստանին ու վրաց բարեկամներուն նուիրուած բանաստեղծութիւնները, յօդուածները, նամակները, ինչպէս նաեւ վրացի գործիչներու՝ Թումանեանին ուղղուած նամակները, բանաստեղծութիւնները, գնահատականները:

Յոբելենական յանձնաժողովի անունով երախտագիտութեան խօսքեր ուղղուեցան Վիրահայոց թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի յոբելեարներուն նուիրուած ձեռնարկները համակարգելու եւ ծրագիրը իր գլխաւորութեամբ իրագործելուն համար, իսկ Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեանին փոխանցուեցաւ Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեան-150» յուշամետայլը՝ յիշեալ նախաձեռնութիւններուն իր հայրական օրհնութեան եւ առաջնորդական աջակցութեան համար: Նոյն յուշամետայլով պարգեւատրուեցան նաեւ բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազար, Վրաստանի Գրողներու միութեան համանախագահ Մաղվա լա Կոնաշվիլի եւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեան:

Աւարտին առաջնորդական տեղապահ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին Թումանեանի եւ Կոմիտասի յոբելենական ձեռնարկները իրականացնելու համար:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020