ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ ժողովուրդը կը շարունակէ սգալ Արցախի վերջին լայնածաւալ պատերազմի նահատակները։ Հազարաւոր զոհուած երիտասարդներու կորուստով պայմանաւորուած խոր սուգը համակած է ամբողջ երկիրն ու հայաշխարհը։ Այս իրավիճակին մէջ, երէկ, հերթական ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ նահատակներուն համար։ Այսպէս, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնէն ներս կատարուեցաւ մոմավառութիւն նահատակներու թարմ շիրիմներուն վրայ։ Հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ այս խորհրդաւոր արարողութեան, որ կազմակերպուած էր «Թովմասեան» բարեսիրական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։

Եռաբլուրի մէջ մոմավառութեան զուգահեռ կատարուեցաւ նաեւ հերթական հոգեհանգստեան պաշտօնը, որուն հանդիսապետեց Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021