ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Անոնք շօշափած են նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղեալ քայլերը։ Էրտողան եւ Փութին արժեւորեցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի վերահսկման եւ հակակշռման ուղղեալ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ կեդրոնի վերաբերեալ նիւթերը։ Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ տարածքաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին պիտի ապահովէ անհրաժեշտ նպաստն ու աջակցութիւնը։ Թրքական կողմը կը ձգտի ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնց շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիներն ու հայերը համակեցութիւն պիտի ունենան՝ առանց խաղաղարար զօրքի կամ դիտարկման կարիքը ունենալու։ Ըստ Էրտողանի, այս նպատակի իրականացումով համայն աշխարհ անգամ մը եւս ականատես պիտի ըլլայ թուրք-ռուսական գործընկերութեան արդիւնքներուն։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ երէկուան հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ հանդէս եկան լուսաբանութիւններով։ Այսպէս, Վլատիմիր Փութին տեղեկութիւններ փոխանցած է այս շաբթուան սկիզբին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած եռակողմանի հանդիպման հիմնական արդիւնքներուն կապակցութեամբ։ Ըստ Փութինի, Մոսկուայի գագաթաժողովին ժամանակ քննարկուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան կատարման ընթացքը։ Ընդգծուեցաւ, որ այս վերջին բանակցութիւններու գլխաւոր արդիւնքներէն մին եղած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ տրամադրութեան հաստատումը, խաղաղ կեանքի վերականգնման գործնական համագործակցութեան, տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցին մէջ գործնական համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայունացած է՝ կողմերը յաջողած են համաձայնիլ այս ուղղութեամբ շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ։

Նոյնպէս Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին նախագահ Էրտողան աջակցութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Ռուսաստանի ջանքերուն։ Ան հանդէս եկած է նաեւ Անգարայի եւ Մոսկուայի գործողութիւններու համակարգումը տեւականացնելու ի նպաստ, ներառեալ՝ տարածքաշրջանի տնտեսական զարգացման եւ փոխադարձ շահաւէտ նախագծերու յառաջխաղացումը։

Նախագահները առանձին անդրադարձ կատարած են հրադադարի վերահսկման ուղղեալ ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի ձեւաւորման որոշ բնագաւառներուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021