ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով Լոնտոնի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի, արդէն փոխադրուած է հիւանդանոց։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեանի պարագային հիւանդութիւնը տակաւին բարդ ընթացք ունի։ Իր մօտ առկայ են այդ վիճակին բնորոշ ախտանշաններ։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան ունի բարձր տաքութիւն եւ թոքերը բորբոքած են երկկողմանի ձեւով։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021