ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄԵԾ ՁԱԽՈՂՈՒՄԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Վլատիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի վերջին հանդիպման արդիւնքները կը մեկնաբանուին՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Այս կապակցութեամբ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան Մոսկուայի մէջ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւնը որակեց Երեւանի հերթական պարտութիւնը։ Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, հայկական կողմը դրական ոչինչ ստացած է Մոսկուայի այդ հանդիպումէն՝ մասնաւորապէս ռազմագերիներու հարցին մէջ մնալով ձեռնունայն։ Ատրպէյճան հերթական անգամ վաւերացուց Մոսկուայի գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակը։ Սա Հայաստանի համար եղած է հերթական խայտառակ պարտութիւնը։

Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ օրակարգի վրայ պէտք է բերէր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան առաջին կէտի հարցը։ Այսպէս, ըստ այդ կէտին, կողմերը կանգ պէտք է առնէին այն դիրքերուն վրայ, որոնք կը զբաղեցնէին հրադադարի համաձայնութեան ստորագրուած պահուն։ Վազգէն Մանուկեան սա Սիւնիքի մարզին տեսակէտէ սպառնալիք կը նկատէ։ Բաց աստի, ընդդիմադիր ղեկավարը Փաշինեանին բուռն քննադատութիւններ հասցէագրած է, որովհետեւ ռազմագերիներու հարցը լուծել կարելի չէ եղած։ Հրադադարի համաձայնութեան 8-րդ կէտը կը նախատեսէ ռազմագերիներու, պատանդներու, պահուող այլ անձերու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակում։ Հակառակ համաձայնութեան այս կէտին, Նիկոլ Փաշինեանի անգործութեան պատճառով հայկական կողմը շօշափելի արդիւնք արձանագրել չի յաջողիր։ Վազգէն Մանուկեան մեծ ձախողում մը համարած է նաեւ, որ Մոսկուայի այս վերջին յայտարարութեան մէջ որեւէ արձանագրում չէ եղած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս հակամարտութեան լուծման եւ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ։

Այս բոլորի լոյսին տակ ընդդիմադիր թեկնածուն վերահաստատուած կը համարէ, որ Նիկոլ Փաշինեան այլեւս ի զօրու չէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերը յառաջ տանելու։ Ան պարտութեան խորհրդանշան մըն է ու պէտք է հեռանայ, այլապէս հայկական կողմի կորուստներն ու նուաստացումները պիտի շարունակուին։

Այս փուլին Վազգէն Մանուկեան կը դիտարկէ, որ Մոսկուայի մէջ ստորագրուած վերջին յայտարարութեան բոլոր կէտերը կը բաւարարեն Ատրպէյճանը։ Հայաստան չէր կրնար պարտութիւն չկրել՝ որքան ատեն, որ վարչապետը Նիկոլ Փաշինեանն է։ Ըստ իրեն, Ալիեւ այս փուլին կը փորձէ լուծել երկու խնդիր։ Առաջին՝ ան կը ձգտի կամաց-կամաց մարսել Արցախը։ Երկրորդը՝ ան կը ջանայ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը ապահովել, որպէսզի Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանը կապելու հարցը լուծէ եւ ճանապարհը վերահսկելի դարձնէ, նաեւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը չտարածուի անոր վրայ։ «Հայաստան բազմաթիւ խնդիրներ ունի, բայց այժմ բոլոր հարցերու մէջ մեր երկրի դիմադրութիւնը հաւասար է զերոյի, որովհետեւ ան չի կրնար որեւէ հարց լուծել։ Պարտուած, վախցած ու ջարդուած վարչապետը ինչ որ ըսեն կ՚ընէ», նշեց Վազգէն Մանուկեան։

Այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին ալ Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ օգտուելով ժողովուրդի՝ լաւ ապրելու փափաքէն, երկուքուկէս տարի առաջ Հայաստանի մէջ խումբ մը մարդիկ իշխանութիւնը զաւթեց, բանակը քանդեց եւ պատճառ դարձաւ պատերազմի, որու հետեւանքով երկիրը խայտառակ պարտութիւն մը կրեց։ Ան համոզուած է, որ մեծ կամք դրսեւորելու պարագային հնարաւոր է ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալ եւ ինք կը յաջողի այս ուղղութեամբ համախմբել բոլոր ուժերը։ Ան առաջնահերթութիւններու շարքին կը համարէ հասարակութեան առողջացումը։ «Մեր հասարակութեան զարգացման ուղին պէտք է ըլլայ ազատութեան գաղափարը։ Պէտք է դադրեցուին ատելութիւնը եւ արտաքին ազդեցութիւնը։ Պէտք չէ թոյլ տանք արտաքին աշխարհէ գումարներ ստացողներուն պղտորել մեր ուղեղները», ըսաւ Մանուկեան։ Բաց աստի, ան համոզուած է, թէ անկարելի է առանց ներդրումներու երկիրը ոտքի կանգնեցնել։ Ուստի, հարկաւոր է սպառողական մեթոտներէ անցնիլ աւելի խտացեալ մեթոտներու եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել ներդրողներու համար։ Այս բոլորը կրնան նպաստել տնտեսական եւ ընկերային հարցերու յաղթահարման։ Առաջնահերթութիւններու շարքին ան թուարկած է նաեւ անվտանգութիւնը։ Այս կապակցութեամբ ան անհրաժեշտ կը նկատէ վերականգնել բանակը, զայն օժտել արդի սպառազինութիւններով եւ դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւնները վերականգնել։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021