ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շաբթուայ սկիզբին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ երկու նախարարները քննարկեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այս առթիւ Արա Այվազեան կարեւորեց ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու վերադարձի խնդրին լիարժէք եւ շուտափոյթ լուծումը, ինչ որ նախատեսուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնով։ Նախարարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարեցին նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգի զանազան հարցերուն։

ՆԱՄԱԿ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻՆ

Միւս կողմէ, Արա Այվազեան նախընթաց օր նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Ան այս առթիւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը համապարփակ ներկայացուց՝ վերջին լայնածաւալ պատերազմի յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Նամակին մէջ Այվազեան նշեց, որ համաշխարհային առողջապահական աննախադէպ ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ տարածքաշրջանէ ներս տասնամեակներ տեւած հրադադարի խախտումով պատերազմական գործողութիւնները պատճառ դարձած են մարդկային կեանքերու մեծաթիւ կորուստներու, Արցախի բնիկ ազգաբնակչութեան դէմ լայնածաւալ էթնիք զտումներու, կանխամտածուած աւերուածութիւններու, հայկական կրօնական ու մշակութային յուշարձաններու պղծման ու վանտալիզմի։

Արա Այվազեան նամակին մէջ մատնանշած է 9 նոյեմբերի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներու Ատրպէյճանի կողմէ խախտման դէպքերը։ Ըստ նախարարին, հրադադարի հաստատումէն վերջ Ատրպէյճան ռազմական յարձակումներ կատարած է Արցախի Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն վրայ։ Ատրպէյճանի զօրքերը գերեվարած են 64 հայ զինուոր՝ խախտելով հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնը։ Նամակին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ Ատրպէյճան հրադադարի համաձայնութեան 8-րդ յօդուածը լիարժէքօրէն չ՚իրականացներ։ Այդ յօդուածով նախատեսուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձներու, ինչպէս նաեւ զոհերու դիակներու փոխանակումը։ Ուստի, Պաքու փաստացիօրէն կը հրաժարի կատարել իր այս յանձնառութիւնը, ինչ որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտումն է։

Արա Այվազեան Անթոնիօ Կութերեսի ուշադրութիւնը հրաւիրած է նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտէն ներս միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելու Ատրպէյճանի դժկամութեան վրայ։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հասնիլ կարելի է միայն հակամարտութեան համապարփակ լուծումով։ Սա կը ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը՝ հիմնուած Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021