ՆԵՐՈՒԺԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր ծանօթացաւ որդեգրուած առաջնահերթութիւններուն, ապահովուած արդիւնքներուն եւ յառաջիկայի վերաբերեալ ծրագրերուն։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ Կարէն Կարապետեան ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը։ «Ունինք լայն հնարաւորութիւններ՝ Հայաստանի տնտեսական ծրագրերուն մէջ ներգրաւելու համար սփիւռքի մեր հայրենակիցները», ըսաւ Կարէն Կարապետեան այցելութեան ընթացքին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան յանձնարարեց յստակ ձեւակերպել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ առաջարկներ։ Ան մեծապէս կարեւորեց սփիւռքահայութեան ներուժի օգտագործումը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ հայապահպանութեան, սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ լեզուի իմացութեան հարցերուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018