ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի շրջագծէն ներս պուլկար ղեկավարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռումէն Ռատեւ յայտնեց, որ Պուլկարիա եւ Հայաստան ունին ընդհանուր դիրքորոշում՝ Պարսից ծոցը Սեւ ծովու վրայով Եւրոպա միացնող փոխադրութեան միջանցքի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Իր խօսքերով՝ երկու երկիրները ռազմավարական նշանակութիւն ունին այս բազմամոտել միջանցքի ստեղծման հարցին մէջ։

Ռատեւ աւելցուց, որ Սոֆիայի ղեկավարութիւնը կ՚ողջունէ Եւրոմիութեան եւ Երեւանի միջեւ ստորագրուած վերջին համաձայնագիրը, որովհետեւ այդ մէկը մեծ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018