ՌԵՔՍ ԹԻԼԸՐՍԸՆԷՆ ԼՈՒՐՋ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս ամբողջէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ամերիկացի պետական քարտուղարը արաբական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Իրան պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը՝ Սուրիայէն, Իրաքէն, Եմէնէն եւ Լիբանանէն։ «Այդ տարածքներէն ներս Իրանի ներկայութիւնը պատճառ կը դառնայ ապակայունութեան», յայտնեց Ռեքս Թիլըրըսն։

Բաց աստի, ան աւելցուց, որ Իրաքէ ներս Միացեալ Նահանգներու զին-ւորական գոյութեան նիւթը պիտի քննարկուի այդ երկրի կառավարութեան հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018