ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան Քուէյ­թի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լով ան­ցաւ Գա­հի­րէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ գլխա­ւորուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ներ­կայ կը գտնուի «Ե­գիպ­տո­սի տնտե­սու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման» մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին։ Աշ­խար­հի շուրջ հա­րիւր պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ նա­խա­գահ­ներ, կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ եւ մի­ջազ­գա­յին ելմ­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այս հա­մա­ժո­ղո­վին։  

Գա­հի­րէի մէջ նա­խա­տե­սուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեա­նի տե­սակ­ցու­թիւ­նը Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ Ապ­տիւլ Ֆէթ­թահ Էլ Սի­սիի հետ։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015