ԽԱՓԱՆԱՐԱՐՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Նիսի ծուխէն ներս յառաջացած գայթակղեցուցիչ վերջին իրադարձութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հաշտութեան յոյսերու ու մանաւանդ բանակցութիւններու մթնոլորտին մէջ վերջին իրադարձութիւնները կը նկատուին խափանարարման քայլեր։ Արդարեւ, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան երկար ժամանակէ մը ի վեր ջանքեր կը գործադրէր՝ գետին պատրաստելու համար լուծման մը, հասունցնելու համար գործընթաց մը, որով այլեւս վերջ պիտի գտնէր աւելի քան տասնամեայ այս տագնապը։ Դժբախտաբար, ներկայ պահուն բաւական յոռետես մթնոլորտ մը ստեղծուած է այդ ջանքերուն տեսակէտէ։

Նիսի մէջ կողոպտեալ հովուատան դէպքին կապակցութեամբ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ֆրանսայի թեմի փոխ-առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի հետ։ Այս վերջնոյն բնակարանն է, որ կողոպտուած է Նիսի մէջ։ Կ՚ակնկալուէր, որ ֆրանսական դատական իշխանութիւնները երէկ հրատապ այս հարցը քննարկելով արագօրէն վճիռ մը պիտի արձակէին կողոպտեալ հովուատան հարցին շուրջ։ Բայց եւ այնպէս, հայր սուրբը մեզի տեղեկացուց, որ այդ նիւթին վերաբերեալ վճիռը ներկայիս կ՚ակնկալուի Ուրբաթ օր։

Նախկին եկեղեցական վարչութեան ղեկավարները, որոնք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունը օգտագործելու իրաւունքէն զրկուած ըլլալով հանդերձ կը շարունակեն իրենց հակակշռին տակ պահել Նիսի հայկական եկեղեցւոյ շէնքին ղեկը, ըստ երեւոյթին, կազմակերպուած ձեւով ու դիտումնաւոր աշխատանք տարած են այնտեղ։ Սա հայր սուրբին մեկնաբանութիւնն է, ու տպաւորութիւնը, որովհետեւ վերջին մանրամասնութիւնները կու գան ապացուցանել, որ հովուատունէն ներս սիստեմաթիք ձեւով ջնջուած են իրեն վերաբերեալ, իր այնտեղի բնակութեան ու գոյութեան վերաբերեալ բոլոր հետքերը։ Շաբաթներ առաջ, ըստ նախկին վարչայիններու պնդումներուն, իրենք վերահասու դարձած են, որ հովուատան դուռը բաց էր խոհանոցին կողմէ։ Այս իրադարձութեան վրայ դիմում կատարուած է դատական իշխանութիւններուն մօտ, փոխուած են բանալիները, քակուած է հայր սուրբին նամակատուփը եւ այս բոլորին շուրջ որեւէ ձեւով լուր չէ հասցուած իրեն։

Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան ներկայիս Ֆրանսայի թեմի փոխ-առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած ըլլալով վերջերս երկար շրջան մը գտնուեցաւ ու աշխատեցաւ Փարիզի մէջ։ Այդ ընթացքին Նիսի մէջ զինքը փոխարինեց հովիւ քահանայ հայրը։ Արարողութիւնները եւ խորհրդակատարութիւնները բացարձակապէս չկաղացին։ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան մեզի յայտնեց, որ շաբաթներու վաղեմութեամբ այս խնդրին վերահասու դարձած է ինք միայն Նիս վերադառնալու պահուն։ Նախկին եկեղեցական վարչութեան անդամները, որոնք ներկայիս կը փորձեն ձեւով մը արդարանալ, բացարձակապէս իրեն լուր չեն տուած՝ տեղեակ ըլլալով հանդերձ բոլոր դէպքերէն։ Հայր սուրբը Նիս վերադառնալով կարելիութիւն չէ ունեցած մուտք գործել հովուատուն եւ մինչեւ հիմա ալ չունի այդ կարելիութիւնը եւ քաղաքի հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն կողմէ կը հիւրընկալուի բնակարաններու մէջ՝ կեցութեան համար։ Այժմ ուշադրութեամբ կը սպասուի յառաջիկայ Ուրբաթ օր նախատեսուած դատավճռին։

Երէկուան մեր հեռախօսազրոյցին ընթացքին Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան ցաւով շեշտեց, որ հովուատան կողոպուտի հետեւանքով կորստեան մատնուած են նաեւ իրեն եւ թեմին տեսակէտէ շատ կարեւոր փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ խորհրդակատարութիւններու ու մանաւանդ մկրտութիւններու եւ ամուսնութիւններու վերաբերեալ արձանագրութիւններ։

Հայր սուրբը մեր զրոյցին ընթացքին աւելցուց նաեւ, որ կորսուած է նաեւ իրեն յատուկ թղթածրարը։ Այս վերջինը կը պարունակէր կարեւոր փաստաթուղթեր, նոյնիսկ որոշ չափով գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք Ֆրանսայի թեմի, Նիսի օրինական ծուխին եւ նախկին վարչայիններուն վերաբերեալ դատավարութիւններուն մէջ կրնային ունենալ փաստի, ապացոյցի նշանակութիւն։ Հետեւաբար կողոպուտի ծալքերուն տեսակէտէ, ըստ հայր սուրբին, այս հանգամանքն ալ ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Այս իրադարձութիւնը, բնականաբար, լուրջ հարուած մըն է, խափանարարական փորձ մը՝ Նիսի պարագային յառաջ տարուած հաշտութեան ջանքերուն տեսակէտէ։ Ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն մօտ ներկայիս կան բազմաթիւ դատավարութիւններ, որոնց ընթացքը օրինական թեմին տեսակէտէ ունէր բարեյաջող վիճակ։ Թեմը այդ դատական գործընթացները ժամանակաւոր ձեւով սառեցուցած էր, որպէսզի հաշտութեան գործընթացը խնայուի, երաշխաւորուի։ Արդարեւ, նախկին եկեղեցական վարչութեան անդամներուն եւ իրենց համախոհներուն կը սպառնայ լուրջ տուգանքներու վտանգ մը։ Հաշտութեան ոգիին համաձայն՝ թեմը սառեցուցած էր այդ դատավարութիւնները։ Թէեւ ընդհանուր գործին նպատակասլացութեան տեսակէտէ կրնայ վիճելի համարուիլ այս նախընտրութիւնը, սակայն Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան երէկ մեզի յայտնեց, որ այդ որոշումները առնուած են թեմի ղեկավարութեան կողմէ։ Թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ յառաջիկայ շրջանին, առայժմ կարելի չէ վերջնականօրէն կանխատեսել, սակայն Ապրիլին նշանակուած են դատավարութեան թուականներ՝ թեմի եւ ծուխի օրինական ղեկավարութեան եւ նախկին եկեղեցական վարչայիններու անհամաձայնութիւններուն բերումով։ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան երէկ մեզի յայտնեց, որ այս անգամ այդ դատավարութիւնները պիտի չսառեցուին եւ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ անպայման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018