ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին՝ առարկայ դառնալով համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցը՝ Միածնաէջ Մայր Տաճարը հիմնանորոգութենէ կ՚անցնի վերջին շրջանին եւ այժմու կանխատեսումներով այդ գործընթացը աւելի քան տարի մը վերջ պիտի հասնի իր աւարտին։ Մինչ այդ, համահայկական հանգանակութիւն յառաջ կը տարուի՝ զօրակցութիւն ապահովելու համար ծաւալուն աշխատանքներու իրականացման։ Ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս՝ մանաւանդ մեծ պահոց շրջանի ներկայ խորհրդաւոր օրերուն Մայր Տաճարի պարագան կ՚իմաստաւորուի զանազան ծալքերով։ Նոյն տրամաբանութեամբ ստորեւ կը ներկայացնենք հոգելոյս Կարապետ Եպսկ. Տէր-Մկրտչեանի գրութիւնը՝ արեւմտահայերէնի վերածելով։ Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարանդ Քորթմոսեան։

«Եկայք շինեցուք սուրբ զխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա
Ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»
(Շարական)1

Այն աշխարհին, «ուր հին աւերակը նոր աւերակին տեղի կու տայ» անընդհատ, ուր չկայ գրեթէ հաստատութիւն մը՝ հասարակաց բարօրութեան ծառայող, ժողովուրդին հոգեւոր գաղափարական բարիքները պահպանող եւ շահեցնող շէնք մը, որուն ձեռք տալը վտանգաւոր չըլլար, որուն խարխուլ պատերը ամենէն թեթեւ շարժումէ մը՝ մինչեւ ի հիմք չցնցուէին՝ երանի՜ կրկին անգամ մը իբրեւ երկնային նոր պատգամ հնչէր իւրաքանչիւր հայու ծանօթ լուսաւորչեան այս հին քարոզը, գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք անցնէր եւ իբրեւ սթափեցուցիչ յուշարար մը ձայն ի գործ, ի շինութիւն հրաւիրէր ամենքին:

Տասնվեց երկար դարեր առաջ, երբ այս հրաւէրն առաջին անգամ լսուեցաւ Արարատեան դաշտին մէջ, ոտքի կանգնողը հսկայազօր արքայ մըն էր, իր իշխաններով, իր զօրաբանակով մէկտեղ. ան անձամբ փորեց հիմունքը, իր յաղթական ուսերուն վրայ քարեր բերաւ այն շինուածքին համար, որ լոյսի խորան պէտք է ըլլար, անսպառ լոյս սփռէր Հայաստան աշխարհին: Ժամանակը անցաւ ու աւերակներ թողեց իր ետեւէն. հսկաներու եւ իշխաններու տեղ անտերունչ ժողովուրդ մը, գաճաճ սերունդ մը եկաւ բռնեց, անզօր եւ անարժան կարծես անցեալի ժառանգութիւնը պահպանելու. սակայն այս շինուածքը, որու վրայ հայրերը աշխատած են երկրաւոր զօրութեան վրայ չէ հիմնուած, Տրդատի բերած քարերը չեն կազմեր անոր բուն հաստատութիւնը. այն ոգին, որ երբեմն Արարատի լեռները դաշտացուց, ձորերը հարթեց, նոյն այն ոգին այսօր ալ կրնայ թզուկներէն հերոսներ պատրաստել, աւերակը շէն դարձնել: Կենդանի բարբառ դարձած կը խօսի ան մեր սիրտին, մեր հոգիին հետ, մեր հայրենիքի ամէն մէկ անկիւնէն, ամէն մէկ բլուրի վրայէն. գետը, որ կը խոխոջէ, տերեւը, որ կը սօսափէ՝ նոյն հին երգն է, որ միշտ կ՚երգէ. «Հայ մա՛րդ, քու կորուստը մօտիկ է». սթափի՛ր, ե՛լ, միահամուռ ժողովրդական շարժում մը, ազգովին համերաշխ գործունէութիւն մը, անցեալի թողածը պահելու, աւերակը շէնցնելու, ընդհանուր ուժով հասարակաց փրկութեան շէնքը կառուցելու բուռն ձգտումը միայն՝ քու կեանքդ կրնայ ապահովել: Շինելու բան շատ կայ, անթիւ են վէրքերը, որոնց վրայ ձեռք դնել՝ բուժել պէտք է. եկեղեցիներ, կրթարաններ, բարեգործական հիմնարկութիւններ, առտնին եւ հրապարակային կեանք՝ ամէն ինչ երեսի վրայ մնացած է, սրտացաւ հոգատարութեան կարօտ. ամէն օր անդադար նոր գինի կը լեցուի հին տիկերու մէջ, կը փտտի, կը ճեղքճեղքի հինը՝ պայթիլ կը սպառնայ, նոր տիկեր պէտք են, նոր շէնքեր, նոր կազմութիւն...:

Եւ ահա՛, Մայր Սիոնի գագաթէն Հայաստանի մեծ Լուսաւորիչը հրաւէր կը կարդայ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած իր զաւակներուն. «Երա՛յք, եկա՛յք շինեսցուք». շինուածք մը, որ ներքուստ շէն է եղած միշտ, է եւ պէտք է մնայ մեր ներքին, հոգեւոր վերաշինութեան իսկական հիմքն ու պատուարը. շինուածք մը, որու յատակագիծը Ինք՝ աստղերուն վրայ իշխող Տէրը գծած է, անանց, յաւիտենական նպատակի մը համար սահմանած. շինելու բան շատ կայ, բայց մէ՛կն է ամենէն կարեւորը. սիրտն է կենդանութեան գործարան, կեդրոնէն պէտք է սկսի վերածնութեան, վերանորոգութեան գործը:

Սուրբ Էջմիածինի տօնը այն նշանաւոր օրն է տարուան ընթացքին, որ Հայ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամին կը յիշեցնէ, թէ ան իր հոգեւոր կեանքին համար կեդրոն մը ունի, թէ այդ կեդրոնին կենդանութիւնը, անոր հետ կենդանի կապ մը պահելը նոյնչափ անհրաժեշտ է, որչափ հայու ինքնուրոյն, ազգային, եկեղեցական կեանքի պահպանութիւնն է անհրաժեշտ: Մենք, առհասարակ, շատ կը խօսինք եկեղեցւոյ նշանակութեան մասին, ազգի հաստատութեան գլխաւոր սիւներէն մէկը, գոյութեան անհրաժեշտ պայման մը կ՚անուանենք զայն, եւ այդպէս դատելով սովորաբար լրջօրէն չենք մտածեր, թէ ինչ կը նշանակէ ազգային կեանք, ի՞նչ կը նշանակէ եկեղեցի, ինչո՞վ կը կապուին իրարու հետ, ի՞նչ կողմերով կարեւորութիւն կը ստանայ մեզի համար: Մեր հայրերը, որ եկեղեցի եւ ազգ բառերուն մէջ խտրութիւն չէին դներ, որ աշխարհի ծայրերէն Սուրբ Էջմիածին ուխտի կու գային, նուէրներ կ՚ուղարկէին, անկէ կտրուած ըլլալը իրենց համար մահուան չափ դառն կը համարէին՝ անշուշտ մեզմէ պակաս համայնական զգացում, ազգային ինքնաճանաչութիւն չունէին: Անոնք գիտէին, որ նոյն հոգեւոր աւազանին մէջ մկրտուած ըլլալը, Սուրբ Էջմիածինէն ընդունած Սրբալոյս Միւռոնի դրոշմը ճակատին վրայ կրելը՝ հայութեան ամենէն պարզ նշանն է, ամենէն կարեւոր պայմանը: Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ համայնք, ո՛չ մէկ ընդհանրական գործ լոկ տեսութիւններու վրայ չի հիմնուիր, որպէսզի մարդիկ միատեղ հաւաքուին, ազգ, ընդհանրութիւն կազմեն, անհրաժեշտ է, որ անոնք երկար ժամանակ միասին ապրած ըլլան, նոյն կեանքով, նոյն սկզբունքներով. անհրաժեշտ է, որ անոնք իրենց միութեան ներքին հոգեւոր կապ մը, արտաքին յայտարար նշան մը ունենան: Այն ընդհանուր կեանքը, որով դարերէ ի վեր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը զանազան աշխարհներու մէջ, զանազան պայմաններու տակ, ազգային եկեղեցւոյ առանձնայատուկ կեանքն է. միայն եկեղեցին կրնայ տալ այնպիսի ընդհանուր սկզբունքներ, որոնցմով պէտք է առաջնորդուի իւրաքանչիւր երկիրի ինքնաճանաչ հայ. միայն եկեղեցին ունի այնպիսի արտաքին նշաններ եւ հոգեւոր կապեր, որոնք անոնց մէկ միութիւն մը կազմելը կ՚արտայայտեն ու զգալ կու տան: Եւ այդ բոլոր կապերուն հանգոյցը Սուրբ Էջմիածինն է. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է կենդանի ներկայացուցիչը այն նուիրական գաղափարին, որ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած բոլոր հայերը հոգեւոր միութիւն մը կը կազմեն, պատմական ժողովուրդ մը, որմէ բաժնուող իւրաքանչիւր անհատ կը կորսնցնէ գոյութեան իրաւունքը եւ կեանքին նպատակը՝ ինչպէս մայր բունէն կտրուած ճիւղ մը, չոր խռիւներու կարգը կ՚անցնի:

Ահա թէ ինչո՛ւ խորհրդաւոր է եւ բազմաբովանդակ Լուսաւորչեան շարականի ազդարար ձայնը: Կեդրոնի շինութիւնը եւ կենդանութիւնը անհրաժեշտ է ամբողջի պահպանութեան համար. բայց ան ամայի է եւ խրթնացած վիճակի մէջ: Շինութիւն պէտք է ոչ արտաքուստ միայն, այլեւ ներքուստ. գուցէ արտաքին խրթնութեան գլխաւոր պատճառն ալ ներքին թերութիւններն են. սակայն անհրաժեշտ չէ, որ մէկը սկսելու համար նախ միւսը լրացուի: Շուտով կ՚ամբողջանայ Մայր Աթոռի գոյութեան մեծ եւ նշանաւոր դարաշրջան մը եւս. իսկ Միածինի Իջման Տաճարը դեռ ողբալի անցեալը կը յիշեցնէ, աւերիչ ժամանակի ամօթաբեր հետքերը կը կրէ, նորոգողի ձեռքը ամենէն առաջ այդտեղ պէտք է գործունէութեան նշան ցոյց տայ: Ուրկէ՞ պէտք է մեկնուի այդ նորոգող ձեռքը՝ յայտնի է. բաւական է հարցը դնել, որ ամենքը միասին դէպի նոյն անձը, դէպի Սուրբ Էջմիածինի միաբանութիւնը, դէպի հոգեւոր դասը ցոյց տան: Շինեցէ՛ք, կ՚ըսենք մենք. «Եկա՛յք շինեսցուք»՝ կը կանչէին մեր հայրերը. հասարակաց գործի համար ամենքը պէտք է աշխատին, իւրաքանչիւր Հայ պատիւի խնդիր պէտք է համարէ քար մըն ալ իր կողմէ դնել լոյսի այն խորանի պատերուն, ուրկէ լոյս ծագած է Հայաստան աշխարհին: Մենք ամենքս խստապահանջ ենք եւ թերահաւատ, ամենքս տրամադիր ընդհանուրի պակասութիւնները ուրիշի մը վրայ ձգելու, ամէն մեղք, ամէն հոգ այն անձերուն վրայ բարդելու, որոնք նախախնամութեան տնօրինութեամբ կամ բախտի բերումով հասարակաց գործի ղեկավար եւ ներկայացուցիչ կարգուած են. մինչդեռ իսկական ինքնաճանաչութիւնը, ճշմարիտ համայնական զգացումը ուրիշ կերպ պէտք է արտայայտուէր:

Թո՛ղ ամէն ոք իր պարտքը կատարէ, շինէ որքան կրնայ եւ երբեք քանդելու ձգտում ցոյց չտայ, շինէ նոյնիսկ, երբ ուրիշներուն քանդելը կը տեսնէ եւ չյուսահատի՝ այն ժամանակ անպատճառ աւերակ շէնքին տեղի կու տայ եւ հասարակաց փրկութեան շինուածքը նախկին շքեղութեամբ կը կանգնի. այն ժամանակ Սուրբ Էջմիածինն ալ կը շինուի ներքուստ եւ արտաքուստ:      

1 Այս գրութիւնը կը պատկանի 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարուն ապրած ու գործած Կարապետ Եպիսկոպոս Տէր Մկրտչեանին, որ ըստ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին «Հայց. Եկեղեցւոյ ամենէն պայծառամիտ եւ նախանձահոգի հոգեւորականներէն մին» եղած է: Գրութիւնը լոյս տեսած է «Արարատ» ամսագիրին մէջ, ԻԸ. Տարի, համար վեցերորդ, Յունիս, 1895, էջ 175-177, եւ 1993-ին Անթիլիասի մէջ լոյս տեսած հատորի մը մէջ՝ «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» անունով, էջ 124-127, ուր հատորին խմբագիրը այս գրութիւնը վերնագրած է՝ «Էջմիածնի խորհուրդը» վերնագիրով:

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020