ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ վերջին՝ շաբաթավերջի Ալմաթիի բանակցութիւնները անցած են շինիչ մթնոլորտի մէջ։

Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին նկատմամբ կը շարունակուի միջազգային թէ՛ հետաքրքրութիւնը եւ թէ խրախուսանքը։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ վերաբերմունք արտայայտեց այս մասին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել տեղեկացուց, որ իր երկիրը կը շարունակէ հաւատալ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան։

Ալմաթիի բանակցութիւններուն յաջորդած օրերուն զուգադիպեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իըն Պորկի շրջագայութիւնը դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Աւելի վերջ Պաքուի մէջ ալ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ընթացքին Իըն Պորկը անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի այժմու փուլին։

Նախօրէին Ֆրանսան ալ ողջունած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման իրադարձութիւնները՝ կոչ ուղղելով շարունակութիւն տալ անոնց։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024